ԵՓԿ ԵՏ ՉԻ ՔԱՇՈՒԻՐ ՄԵՆՊԻՉԷՆ ՈՒ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՅ ԴԷՊԻ ԷԼ ՊԱՊ

Թրքա­կան զի­նուո­րա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հեր­քե­ցին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տարուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց ԵՓԿ Սու­րիոյ մէջ ետ պի­տի քա­շուի Մեն­պի­չէն։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան շա­ռա­ւի­ղը ԵՓԿ ոչ միայն ետ չէ քա­շուած Մեն­պի­չէն, այլ նաեւ քա­ղա­քի ա­րեւ­մուտ­քին ութ գուղ եւս ա­ռած է իր հա­կակշ­ռին ներ­քեւ՝ վտա­րե­լով Ի­ՇԻՊ-ը («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Այս­պէ­սով ԵՓԿ թէ՛ ա­րե­ւել­քէն եւ թէ ա­րեւ­մուտ­քէն կը շա­րու­նա­կէ իր յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը դէ­պի Էլ Պապ քա­ղա­քը, որ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ։

Միւս կող­մէ, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայտ­նեց, որ ան­կա­խու­թեան հար­ցին շուրջ կրնան հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նիլ Պաղ­տա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016