ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

2018 թուականի տարեմուտին նոր հանդիպում մը կը նախատեսուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ։ Անոնք պիտի տեւականացնեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ քննարկումները՝ ի շարունակութիւն անցեալ 6 Դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Նալպանտեան եւ Մամետեարով հանդիպած էին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս, Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ, նաեւ առանձնազրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այդ հանդիպումէն վերջ պաշտօնապէս յայտարարուած էր, որ 2018 թուականի տարեմուտին նոր տեսակցութիւն մը հաւանական է երկու նախարարներուն միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչն ալ վերջերս հաստատեց այդ հաւանականութիւնը։ Իր խօսքերով՝ ռուսական կողմը բացարձակապէս կը պաշտպանէ այդ միտումը։ «Կ՚ակնկալուի, որ նախարարները ամենամօտ ապագային, հաւանական է Յունուարի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աջակցութեամբ հանդիպին հերթական անգամ», ըսաւ ռուս դիւանագէտը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ Վիեննայի վերոյիշեալ ժողովէն վերջ կարեւորած էր վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցած տեսակցութիւնները։ Լաւրովի համոզմամբ, նախագահներու հանդիպումը դրական քայլ մըն էր հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս։ «Որեւէ հակամարտութեան մէջ անհրաժեշտ է յենուլ ընդհանուր մօտեցումներու վրայ։ Անոնցմէ առաջինը հակամարտ երկիրներու միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնն է, ինչ որ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Ի հարկէ, այդ մէկը մեզի տակաւին լուրջ յառաջընթաց մը չէ տուած, սակայն այս տարի նախագահներու եւ բազմիցս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցած երկխօսութեան փաստը մեր կողմէ կ՚ընկալուի դրական։ Պիտի շարունակենք աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հաւաքական մօտեցման ենթադրած ուղղութեամբ», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը, որու ընթացքին նոյնպէս օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։ Նալպանտեան Վիեննայի մէջ տեսակցած էր նաեւ Վրաստանի Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի հետ։ Այս երկու զրոյցներուն ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանի իրադրութիւնը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Վիեննայի Նալպանտեան-Մամետեարով հանդիպումէն վերջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպաստիան Քուրց։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց հայ եւ ատրպէյճանցի նախարարներու հանդիպման համար։ Իր խօսքերով, սա շատ փոքր, սակայն դրական ազդանշան մըն է, որու կարիքը զգալի է։ Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի մօտ Եւրոմիութեան մշտական ներկայացուցիչ Իոննիս Վրաիլասն ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ԵՄ-ի առաջնահերթութիւններէն մին է։ Ան ողջունեց Մինսքեան խմբակին կողմէ գործադրուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ համանախագահ երկիրներու կողմէ համատեղ յայտարարութեան ընդունուիլը։ «Մոլտովայի, Վրաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձգձգեալ հակամարտութիւններու կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ Եւրոմիութեան համար առաջնահերթ կարեւորութեամբ հարցերէն մին։ Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք՝ որպէսզի դրսեւորեն քաղաքական կամք, ինչ որ անհրաժեշտ է 2018 թուականին այդ հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ զանազան քաղաքական մեկնաբաններ վերջին շրջանին կը մատնանշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի՝ ազատ քաղաքականութիւն վարելու հնարաւորութիւնները կը սահմանափակուին։ Այս մեկնաբանութիւնը կը պայմանաւորուի կարգաւորման գործընթացէ ներս Թուրքիոյ աշխուժացման փաստով։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017