ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու մէջ մասնագիտացած շարք մը ընկերութիւններու կամ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, նախարարը խորհրդակցութեան հրաւիրած էր «Սինոփսիս» ընկերութեան աւագ ճարտարագէտ ու «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, նոյն ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը, Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Պալտըրեանը, «Վիվասել» ընկերութեան փոխ-տնօրէն Թովմաս Մազէճեանը եւ այլ յառաջատար դէմքեր։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի մասնագիտական ընկերակցութիւն մը եւ ցանցի մը ստեղծման կարեւորութիւնը, անոր նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ այս բնագաւառի պարագային համահայկական հարթակի մը ստեղծման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ներկաները սկզբնական հաւանութիւն տուին Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկին, որով կը նախատեսուի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու համահայկական ընկերակցութեան մը ստեղծուիլը։ Հրանոյշ Յակոբեան ժողովականներուն յիշեցուց, որ Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով արդէն համահայկական մասնագիտական նախաձեռնութիւններ կատարուած են եւ ցայսօր կազմակերպուած են 104 մասնագիտական հաւաքներ։ Այդ բոլորի նպատակն է ստեղծել համահայկական ցանց մը։

Իբրեւ յաջորդ քայլ կը ծրագրուի տեղեկատուութեան կամ հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու մասնագէտներու խումբեր ստեղծել զանազան երկիրներու մէջ՝ ապագային անոնց հաւաքը կազմակերպելու համար Հայաստանի մէջ։ Հրանոյշ Յակոբեան օրակարգի վրայ բերաւ քանի մը առաջնահերթութիւններ, որոնք կրնան նպաստել տեղեկատուութեան կամ հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներու ցանցի ստեղծման, կրթութեան զարգացման, մասնագիտական հայրենադարձութեան կազմակերպման եւ այլն։

Քննարկման մասնակիցները ողջունեցին այդ առաջարկը՝ ընդգծելով, որ նման քայլերը կրնան աշխուժացնել տեղեկատուութեան կամ հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի մասնագիտական կապերը հայաշխարհէն ներս։ Նախատեսուած ընկերակցութեան հիմնադիր խումբը մասնագէտներու մէկտեղման զուգահեռ պիտի հետապնդէ այս ոլորտի պարագային Հայաստանի պետութեան տեսակէտէ որդեգրուած կարգ մը նպատակները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017