ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի յաջորդած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վերաբերեալ մտահոգիչ իրադարձութիւնները այս շրջանին առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Հայկական կողմէն ցուցաբերուած տկարութիւններու հետեւանքով կատարուած իրողութեան առջեւ տարածքներու կորուստի վերաբերեալ տեւական ահազանգ կը հնչէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Ընդդիմութիւնն ալ բուռն ձեւով կը քննադատէ իշխանութիւնները նոյն հարցերով, մինչ Սիւնիքի մարզէն պատասխանատուներ ալ կը հաստատեն հաւանական վտանգները։

Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան այցելեց Սիւնիքի մարզ, ուր աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ զօրամիաւորման հրամանատարի, մարզպետի եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերու տարածքային ստորաբաժանման հրամանատարին հետ։ Նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի սպաներուն հետ։ Քննարկուեցան Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի հսկողութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Սիւնիքի հատուածէն ներս ռուս սահմանապահներու տեղակայման ծրագրին, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով կորսուած անձերու որոնման աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Սիւնիքի պաշտօնատարները նշեցին, որ վիճայարոյց որոշ հատուածներէ ներս աշխատանքներ կ՚իրականացուին եւ կողմերու միջեւ սահմանային քննարկումները կը շարունակուին։ Վաղարշակ Յարութիւնեանի այցելութեան զուգահեռ՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց նաեւ, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի որոշ հատուածներէն ներս պիտի տեղակայուին ռուս սահմանապահներ։

Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան, որ վերջին օրերուն Սիւնիքի մարզի իրադարձութիւններուն շուրջ ահազանգ կը հնչեցնէ, երէկ դարձեալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, Կապանի բարձր, շահեկան դիրքերը մինչեւ այսօր ժամը 17.00-ը պիտի յանձնուին Ատրպէյճանին։ Անոնք Կապանի բնակելի տարածքներէն 1 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ պիտի անցնին նաեւ ճանապարհահատուածներ։ Մինչ ընդդիմադիր գործիչներն ալ կը շարունակեն Սիւնիքի վերաբերեալ զգուշացումները, «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան երեսփոխաններէն Նայիրա Զօհրապեանն ալ երէկ յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սկսած է Սիւնիքի յանձնման։ Լրատուամիջոցները ողողուած են լուրերով, ըստ որոնց մարզի բնակիչները կը բողոքեն, թէ Սիւնիքի ճակատագիրը կ՚որոշուի առանց իրենց։ Անոնք երաշխիքներ կը պահանջեն անվտանգ տեղաշարժի համար։ «Կը կորսնցնենք Սիւնիքի կարեւորագոյն սահմանները, ինչ որ մօտ ժամանակաշրջանին պատճառ պիտի դառնայ Սիւնիքի ամբողջական կործանման։ Իրաւունք չունիք այս բանը թոյլ տալու», երէկ ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեան։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ վերջերս այցելած էր Սիւնիք, երէկ յայտնեց. «Սիւնիքի սահմանային բնակավայրերու բնակիչներու անհանգստութիւնն ու զայրոյթը ունին իրաւական հիմքեր»։ Ըստ Թաթոյեանի, Հայաստանի կառավարութիւնը պարտաւոր է հանրութեան ու յատկապէս սահմանային բնակավայրերու բնակիչներուն տրամադրել պատշաճ բացատրութիւններ ժողովուրդին վերաբերեալ զարգացումներու մասին։ Խօսքը վերջապէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններու անվտանգութեան մասին է։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները կը շարունակեն հայատեացութեան եւ բացայայտ թշնամանքի քարոզչութիւնը։

Այսօր լոյս տեսած զանազան թերթեր կը գրեն, որ Հայաստանի մէջ պէտք է ըլլայ մէկը՝ հասկնալի լեզուով բացատրելու համար, թէ վերջապէս, ո՞ր տարածքները «թուղթով» յանձնուած են Ատրպէյճանին եւ որո՞նք «զոռով» կը վերցուին Հայաստանէն։ Նոյն ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ կու գան զանազան հարցումներ, ըստ որոնց Խորհրդային Հայաստանը ունէ՞ր հաստատուած սահմաններ։ Նոյն ծիրին մէջ կ՚արծարծուի, թէ ինչպէս պիտի լուծուի Իրան-Հայաստան բեռնափոխադրումներու հարցը։ Մեկնաբաններ կը շեշտեն, որ Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութիւնը բարոյալքուած, կազմազուրկ վիճակի մէջ է, չի տիրապետեր իրավիճակին, չի գիտեր ինչպէս կարգաւորել այս խնդիրները, ուստի պաշտօնի կը հրաւիրուին միջին օղակներու մասնագէտներն ու պաշտօնեաները։

Հուսկ, Սիւնիքի իրավիճակին կապակցութեամբ լրատուամիջոցները այլ հանգամանքներ ալ կը մատնանշեն՝ բացատրելու համար, թէ ինչո՞ւ Հայկական զինեալ ուժերը ետ կու գան իրենց զբաղեցուցած դիրքերէն։ Ըստ այս տեղեկութիւններուն, Սիւնիքի մէջ հայկական զօրքերը այժմ դիրքաւորուած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ստորագրուած պահէն աւելի առաջ։ Այսինքն, մինչեւ հրադադարի համաձայնութեան ստորագրումը, հայկական կողմը նպաստաւոր պայմաններով դիրքաւորուած էր, իսկ ներկայիս անոնք կը գտնուին աւելի առաջ՝ իրենց գտնուելիք բուն տեղին բաղդատմամբ։ Ուստի, այսօր յանձնուելիք դիրքերու խնդիրը պայմանաւորուած է այս հանգամանքով։ Սիւնիքի նորանշանակ մարզպետ Մելիքսեթ Պօղոսեան երէկ փորձած է այս բոլորը բացատրել ժողովուրդին։ Շրջանի օդակայանի գործարկման տեսանկիւնէն ալ խնդիրներ չեն նախատեսուիր։ Կապան-Ագարակ (գիւղ) ցամաքուղին պիտի շարունակէ բնականոն ձեւով աշխատիլ։ Ռուսաստանի սահմանապահներ պիտի տեղեկայուին սահմանի որոշ հատուածներէն ներս՝ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով։ Սա խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլայ նաեւ Գորիս-Կապան մայրուղիի պարագային։ Նախկին փոխ-մարզպետ Նարեկ Ղահրամանեան, որ ներկայիս իշխանական ճամբարի երեսփոխաններէն մին է, իր հերթին, երէկ, հանդէս եկաւ բացատրութիւններով։ Ըստ իրեն, Կապանի եւ Սիւնիքի անվտանգութեան ոչինչ կը սպառնայ։ Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ Սիւնիքի մարզի համայնքներու ղեկավարներուն հետ երէկ ունեցած հանդիպման ժամանակ վստահեցուցած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որեւէ մեթր զիջում պիտի չըլլայ։

Այս բոլոր տեղեկութիւններու լոյսին տակ մեկնաբաններ չեն բացառեր այսօր ալ որոշ լարուածութեան յառաջանալը Սիւնիքի մարզէն ներս։

ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Միւս կողմէ, Արցախի Հին Թաղեր-Խծաբերդ հատուածէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցած բախումներէն վերջ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ երէկ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին յանձնուեցաւ այդ դիրքերու մերձակայ տարածքներէն ներս յայտնաբերուած ինն հայ զինուորի մարմին։ Անոնց զոհուելու հանգամանքները տակաւին յայտնի չեն։ Տակաւին չէ պարզուած նաեւ անոնց ինքնութիւնը։

Արցախի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեանն ալ երէկ յայտնեց, որ տակաւին կան գերիներ, որոնց գոյութիւնը կը թաքցնէ Ատրպէյճան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020