ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումը եւս ծրարային բովանդակութիւն քննարկեց: Արցախ-Ատրպէյճան, Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւններ եւ անշուշտ՝ տարածաշրջանային համագործակցութիւններ ներառած է: Յստակ, ժամկէտային սահմանումներով գործողութիւններու պայմանաւորուածութեան մասին տակաւին գէթ հրապարակային պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ:

Կայ ընդհանուր միտում չհակադրուելու Մոսկուայի միջնորդութեամբ կայացած ընդհանուր համաձայնութիւններուն: Անոր նախաբանը կատարած էր նախագահ Փութին Սոչիով կանխելով Պրիւքսելը եւ այդ առիթով յայտարարելով, որ Շարլ Միշել կը սպասէ ձեզ շուտով:

Երանգային ուղերձը այն էր, որ Պրիւքսելը  հիմնականին մէջ պիտի զբաղի մարդասիրական խնդիրներով՝ բուն հանգուցալուծումները վերապահելով Մոսկուային: Չմոռնանք նկատելու, որ ի տարբերութիւն Սոչիի, որ ուղղակի հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան յատկացուած էր, Պրիւքսելը Արեւելեան գործընկերութեան համաժողովի պարունակին մէջ էր:

Հիմա տեսնենք, որ յայտարարութեան մարդասիրական բաժինը ինչպէ՞ս բանաձեւուած է.

«Նախագահ Միշել ընդգծած է, որ առանցքային մարդասիրական հարցերու լուծումը վճռորոշ նշանակութիւն ունի: Ան ողջունած է Ատրպէյճանի կողմէ տասը հայ բանտարկեալի ազատ արձակումն ու ականապատ դաշտերու մնացած բոլոր քարտէսներու տրամադրումը Հայաստանի կողմէ: Ան կոչ ուղղած է ամբողջապէս եւ արագ կերպով լուծելու բոլոր առանցքային մարդասիրական հարցերը, ինչպիսիք են միւս ձերբակալուածներու ազատ արձակումը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի լուծումը՝ ընդունելով, որ երկու կողմերու մարդասիրական ժեսթերը նոյնպէս կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման եւ կ՚օգնեն ստեղծելու պայմաններ, որոնք կը նպաստեն խաղաղութեան եւ հաշտեցման յառաջխաղացման: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ մարդասիրական ականազերծման ջանքերուն, այդ շարքին՝ փորձագիտական խորհրդատուութիւններու տրամադրման եւ հակամարտութենէ տուժած բնակչութեան վերականգնման եւ վերակառուցման հարցով օգնութիւն ցուցաբերելու միջոցով: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներուն»:

Մարդասիրական բաժինը ըստ յայտարարութեան ունի վճռորոշ նշանակութիւն հարցերու լուծման գործընթացին մէջ: Այստեղ կայ հաւասարեցում երկու կողմերու մարդասիրական բնոյթի առած քայլերուն: Ականապատուած քարտէսներու դիմաց ռազմագերիներու ազատ արձակում (թէկուզ եզրի փոփոխութեամբ. բանտարկեալ փոխան ռազմագերի): Կոչը՝ բոլոր ձերբակալեալները (եւ ոչ ռազմագերիները) ազատ արձակելու միակողմ հասցէ ունի լռելեայն: Պարզ է, որ հայկական կողմը ատրպէյճանցի ռազմագերի չունի, եւ այստեղ վարձկան ահաբեկիչները այդ հասկացողութեան մէջ չեն ներառուիր: Բայց ակնկալութիւնը երկկողմանի է: Երկու կողմերը պէտք է առնեն մարդասիրական քայլեր, որոնք կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման: Պարզ է Միշելի ակնարկը: Քարտէս ռազմագերիի դիմաց:

Անորոշ է «հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան վերականգնում» բանաձեւի իրականացումը: Արագ կերպով կը մտաբերուի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 7-րդ կէտը՝ «ներքին տեղահանուած անձերը եւ փախստականները կը վերադառնան նախկին Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան վերահսկողութեան ներքոյ»: Բնականաբար չեն ճշդուած տուժածներու վերականգնման ծրագիրի մանրամասնութիւնները՝ եղանակ, ժամկէտ, միջոցներ: Վճռորոշ առանցքայնութիւնը Շարլ Միշելի բառերով մարդասիրական գործողութիւններու իրականացումն է: Թերեւս շեշտադրումը, յայտարարութեան 8-րդ կէտի իրականացման՝ կ՚իրականացուի ռազմագերիներու եւ պատանդներու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում»:

Հակամարտութեան եւ տարածաշրջանի ապաշրջափակման բաղադրիչները ընդհանուր ցանկութեան սահմաններուն մէջ նշուած են:

Դարձեալ կեդրոնանալով մարդասիրական բաժինին վրայ աւելորդ չէ մտածելը, որ ականապատուած քարտէսները հայկական կողմը արդէն փոխանցած ըլլայ Մոսկուային: Մոսկուան կը միջնորդէ, ռազմագերի կը հայրենադարձէ իր ներկայացուցիչին միջոցով. կը հետեւի ականապատման քարտէսի թղթածրարի որոշ բաժինի փոխանցումը:

Այս բոլոր գործընթացներուն զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՚ողջունէ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան սկսելու համար ներկայացուցիչներու նշանակումը:

Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Պրիւքսել դերերու տեղաբաշխումի երեւոյթ կայ: Միացեալ Նահանգներ կը զբաղին Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հաստատման, Եւրոպան՝ մարդասիրական աշխատանքներով, իսկ Մոսկուան, սկսելու համար սահմանազատման եւ սահմանագծման ընթացակարգով:

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021