ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ վերջին շրջանին կատարուած իրերայաջորդ յայտարարութիւններու լոյսին տակ՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ արդէն սկսած են հրապարակումներ, թէ համապատասխան գործընթացը ինչպէ՞ս պիտի բանի։ Այս կապակցութեամբ ուշագրաւ է «Ճումհուրիյէթ»ի մէջ, Հիւսէյին Հայաթսեւերի ստորագրութեամբ գրի առնուած յօդուածը։ Թուրքիա արդէն տեղեկացուցած է, որ իր յատուկ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ վաստակեալ դեսպան Սերտար Քըլըչ։ Հիմա կը սպասուի Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչի անունի հրապարակման։ Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին շփումէն վերջ պիտի ճշդուի բնականոնացման գործընթացի ճանապարհային քարտէսը։ Յօդուածին մէջ համեմատութիւն կատարուած է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման նախորդ՝ 2009 թուականի որոնումին հետ։ Այսպէս, կը մատնանշուի երկու հիմնական տարբերութիւն։ Առաջինը այն է, որ Անգարա եւ Երեւան այս անգամ պիտի շփուին առանց միջնորդի։ Երկրորդ էական նորութիւնը պիտի ըլլայ այս գործընթացի պարագային Անգարա-Պաքու համակարգումը։

Ատրպէյճանի յաղթանակով աւարտած 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Թուրքիա կոչ ուղղած էր Հայաստանին՝ յարաբերութիւններու մէջ նոր սկիզբ մը դնելու համար։ Տարի մը անց այդ կոչը արդէն արձագանգ գտած է։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու առաջին անգամ Ազգային մեծ ժողովէն ներս տեղեկացուց, որ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ պիտի սկսի բնականոնացումը եւ այդ գործընթացին համար երկու երկիրներուն կողմէ պիտի նշանակուին յատուկ ներկայացուցիչներ։ Չավուշօղլու նախընթաց օր ալ տեղեկացուց, որ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպաններէն Քըլըչ պիտի նշանակուի՝ որպէս յատուկ ներկայացուցիչ։ Երբ որ Հայաստանն ալ հրապարակէ իր յատուկ ներկայացուցիչին անունը, ապա առաջին երկխօսութիւնը պիտի սկսի անոնց միջեւ ու պիտի ճշդուի բնականոնացման ճանապարհային քարտէսը։

Յօդուածին մէջ դիտել տրուած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ այս նոր գործընթացը կը սկսի 2009 թուականի ձախողեալ բնականոնացման նախաձեռնութենէն աւելի տարբեր պայմաններու ներքեւ։ Այդ ժամանակ երկու երկիրներու նախագահները մէկտեղուած էին ազգային հաւաքականներու մրցման բերումով, ինչ որ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» անուանուած էր։ 2009-ի փորձը կատարուած էր Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ։ Իսկ այս անգամ առանց միջնորդի, յատուկ ներկայացուցիչներու ճանապարհով ընթացք մը կը նախատեսուի։

2009-ին Ատրպէյճան այդ բնականոնացման բերումով անհանգստութիւն յայտնած էր՝ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը պատճառաբանելով։ Իսկ այսօր Թուրքիա միշտ կը շեշտէ, որ իւրաքանչիւր քայլը կ՚առնէ՝ Ատրպէյճանը տեղեակ պահելով։ Բաց աստի, ամենակարեւոր տարբերութիւնը այն է, որ այժմու նոր գործընթացը կը սկսի՝ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու մեծամասնութեան ազատագրման յաջորդած կոչերով։ Յամենայնդէպս, Լեռնային Ղարաբաղի՝ դեռեւս ռուսական խաղաղարար զօրքին կողմէ պաշտպանուած, Հայաստանի կողմէ հակակշռուած բաժնի կարգավիճակի անորոշութիւնը մաս կը կազմէ այս գործընթացին հետ առընչակից ազդակներու շարքին։ Ըստ յօդուածին, 1915-ի աքսորի Հայաստանի կողմէ՝ որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշումն ալ կ՚արժեւորուի բնականոնացման գործընթացի օրակարգի բարդ գլուխներու շարքին։

Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ 2009 թուականին ստորագրուած երկու փաստաթուղթերը կը շեշտադրէին՝ 1993 թուականէն ի վեր փակ մնացած սահմանի բացումն ու կողմերու կամքը՝ իրարու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի շրջանակին մէջ տարակարծութիւններու երկխօսութեան ճանապարհով լուծման ուղղութեամբ։ Կ՚ակնկալուի, որ այդ արձանագրութիւնները վերստին օրակարգի վրայ գան։

Թէեւ երկու երկիրներու միջեւ երկկողմանի ուղղակի յարաբերութիւն մը չէ մշակուած, սակայն, վերջին շրջանին Թուրքիա եւ Հայաստան փոխ-նախարարի մակարդակով կազմակերպուած համատեղ ժողովի մը ընթացքին ի մի եկած են։ Անցեալ շաբաթ, Մոսկուայի մէջ, Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի առաջին ժողովին Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի առընթեր, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներն ալ մասնակցեցան։ Իսկ երէկ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու առցանց հաւաքին թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Հայաստանէն նոյն մակարդակով մասնակցութիւն կ՚ակնկալուէր։

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դեսպանութիւններու մակարդակով ուղղակի դիւանագիտական յարաբերութիւն մը գոյութիւն չունի, սակայն անոնք յարաբերութիւններ ունին ՍԾՏՀԿ-ի վրայով, որուն երկուքն ալ կ՚անդամակցին։ ՍԾՏՀԿ-ի կեդրոնը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ, ուր Հայաստան ունի մշտական ներկայացուցչութիւն մը։ Թուրքիոյ մէջ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը 2019 թուականէն ի վեր կը վարէ Սահակ Սարգսեան։

Երկաթուղիով կամ ցամաքէն թէեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն գոյութիւն չունի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, սակայն, 1995-էն մինչեւ 2015 թրքական եւ հայկական ընկերութիւններու կողմէ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ կազմակերպուած էին չարթըրային թռիչքներ՝ ատեն-ատեն նոյնիսկ շաբաթը երկու անգամ։ Իսկ 2015-2020 թուականներուն, մինչեւ «Աթլաս Կլոպըլ»ի սնանկացումը՝ այդ ընկերութիւնը այս անգամ կանոնաւոր թռիչքներու կարգավիճակով աշխատած էր այդ ուղղութեան վրայ։ Քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ աւելի քան տարիէ մը ի վեր ընդհատուած ուղղակի թռիչքներու վերսկսումն ալ կ՚ակնկալուի՝ այժմու բնականոնացման գործընթացին զուգահեռ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021