ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉԸ

Երեւանի Պետական համալսարանը (ԵՊՀ) արդէն ունի նոր վերատեսուչ մը. յանձին՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի։ ԵՊՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ կատարեց նոր վերատեսուչի ընտրութիւնը եւ այդ պաշտօնին կոչեց Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, որ վերջին շրջանին արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի կարգավիճակով կը գլխաւորէր այս կարեւոր գիտական կառոյցը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերատեսուչի ընտրութեան համար տեղի ունեցաւ գաղտնի քուէարկութիւն, որու արդիւնքով Յովհաննէս Յովհաննիսեանի ի նպաստ տրուեցաւ 19 ձայն, իսկ դէմ քուէներու թիւը եղաւ 5։ Այսպէսով ան վերատեսուչի պաշտօնին կոչուեցաւ՝ հինգ տարուայ ժամկէտով։

Հոգաբարձուներու խորհուրդը նկատի չէ առած վերատեսուչի միւս թեկնածուի՝ Արծրունի Սահակեանի դիմումը՝ այն պատճառաբանութիւնով, որ փաստաթուղթերու ներկայացման վերջնաժամկէտի առումով դիմումի կարգի խախտում մը խնդրոյ առարկայ դարձած է։ 

Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որ ծնած է Երեւանի մէջ, աւարտած է ԵՊՀ-ի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէն։ Նոյն ճիւղին մէջ խորացնելով իր գիտելիքները՝ նոյն ֆաքիւլթէէն ստացած է Աստուածաբանական մագիստրոսի կոչում։ Զուգահեռաբար ուսանած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական կառավարման դպրոցին մէջ եւ ստացած՝ պետական ծառայողի որակաւորում։ Նոյնպէս ԵՊՀ-էն ներս հետեւած է կրօնի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի դասընթացներուն՝ ստանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի եւ տոցենթի որակաւորումը։ Շարք մը վերապատրաստական դասընթացներու հետեւած է արտասահմանի մէջ։ ԵՊՀ-ի առընթեր դասաւանդած է «Վալերի Պրիւսով» պետական լեզուաբանական եւ «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարաններէն ներս։ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանէն ներս եւս դասախօսած է, իսկ 2014 թուականին հիմնած՝ Հանրային քաղաքականութեան կաճառի հետազօտական կեդրոնը։ Եղած է կրթութեան ու գիտութեան փոխ-նախարար։ Կ՚անդամակցի շարք մը գիտական կազմակերպութիւններու։

Ի լրումն այս բոլորին ծաւալած է քաղաքական գործունէութիւն։ Յովհաննէս Յովհաննիսեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եղած է անցեալ՝ 7-րդ գումարման շրջանին։ Երեսփոխան եղած ժամանակ վարած է նաեւ խորհրդարանի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերով մշտական յանձնաժողովի փոխ-նախագահի պաշտօնը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021