ԱՌԱՆՑ ԻՐԵՆ…

Տարիները թաւալ-գլոր կ՚անցնին կ՚երթան առանց Հրանդին։ Եւ ահա՛, մահուան 11-րդ տարելիցը։ Յունուարի 19-ն է այսօր ու դարձեալ մեր հայեացքին առջեւն է իր պատկերը։ Առանց իրեն կը սահի ժամանակը եւ իր խնկելի, անթառամ յիշատակը կը դիմադրէ անոր, կը մնայ վառ։ Պատմութեան սեփականութիւնը դարձած իր կերպարը կը բիւրեղանայ ժամանակներու մէջ, ան մեր սրտերուն կը հասնի նոյն անմիջականութեամբ, նոյն մարդկային ջերմութեամբ ու իր թողած բարոյական ժառանգութեամբ։ Անմարսելի է, որ իր ժամանակակիցները մնացած են առանց իրեն եւ իւրաքանչիւր 19 Յունուարին օրացոյցի այդ էջը կը թերթեն՝ սրտի անզսպելի տրոփով ու ձեռքի դողդողումով։

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք այսօր կը վերյիշուի՝ իր դէմ գործուած մահափորձի 11-րդ տարելիցին առթիւ։ Ան կ՚ոգեկոչուի բիւր յարգանքով եւ արդարութեան սպասումներու մթնոլորտին մէջ։ Ամէն տարուան նման, այսօր եւս հազարաւորներ Հրանդի յիշատակին առջեւ իրենց խոնարհումը կը բերեն այն վայրին վրայ, ուր իր վրայ նենգաբար արձակուեցան այն անիծեալ փամփուշտները, որոնք զինքը խլեցին մեզմէ, մեզ զրկեցին իրմէ եւ այդ տմարդի արարքը ցայսօր կը մնայ չսպիացած վէրք մը՝ ծանրածանր հետեւանքներով։

Վերանորոգ սէրն ու անսահման կարօտը մեր սրտերուն՝ այսօր հերթական անգամ ծաղիկներ կը թողունք Հրանդի բարի յիշատակին առջեւ։ Խունկի գուլաներու ընդմէջէն, մոմ մը ի ձեռին հեռուներէն, բայց նաեւ այնքան մօտիկէն կը նայինք իր պատկերին։ Ընկերոջ մտերմութիւնը եւ նահատակի մը նկատմամբ երկիւղը ընդելուզուած են այս պարագային։

Այսօր դարձեալ Հրանդին հետ ենք եւ անկարելի է, որ մոռնանք զինքը։

Ննջէ՛ հանգիստ, հարազատ ու սիրեցեալ բարեկամ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2018