ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԿՈՉ

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կը շարունակեն ուղղակիօրէն պայմանաւորել Անգարայի օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մտադրութիւն ունի Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծել զօրք մը, որու առանցքը պիտի կազմէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական խմբաւորումը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ այս հարցին շուրջ վերջին օրերուն շարունակ կը փոխանակուին զանազան պատգամներ եւ տեղի կ՚ունենան բարձր մակարդակի վրայ շփումներ։

Ի շարունակութիւն այս բոլորին Ուաշինկթըն երէկ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ որպէսզի Աֆրինի ուղղեալ որեւէ քայլ մը առնելէ ձեռնպահ մնայ։ Ամերիկեան կողմը տեղեկացուց նաեւ, որ Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուելիք զօրքը պիտի չունենայ մարտական բնոյթ, պիտի չկոչուի սահմանապահ զօրք եւ այդ մէկը ԱՄՆ-ի ջանքերով պիտի մարզուի՝ որպէս կայունութեան միաւոր։

Ուաշինկթընէն հնչած այս կոչին փոխարէն, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ձեռք առնել ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց։

Այս խնդրին կապակցութեամբ միջազգային բեմահարթակի վրայ Անգարայի բազմակողմանի ջանքերը կը շարունակուին։ Երէկ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան այս ամբողջին մէջ շփումներ ունեցան Մոսկուայէ ներս։ Աքար եւ Ֆիտան Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցան Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկույի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները եւ կողմերու համատեղ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մէկտեղուեցաւ երկրի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու գլուխը գտնուող դէմքերուն հետ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ճաշասեղանի մը շուրջ տեղի ունեցաւ այդ դռնփակ հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուած նիւթերուն շուրջ պաշտօնական աղբիւրները հաղորդումներ չկատարեցին։

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2018