ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասը։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու առընթեր, բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Եւրոմիութիւն օրակարգային հարցերը։

Չավուշօղլու եւ Մաաս սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին լրագրող մը հետաքրքրուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարով։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու ասուլիսի ընթացքին հաստատեց, որ Անգարա մտադիր է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու։ Ան բացատրեց նաեւ, որ այս բանը ի՞նչ պայմաններու ներքեւ տեղի կրնայ ունենալ։ Այսպէս, Չավուշօղլու յիշեցուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարը եւ այժմ ստեղծուած իրավիճակը որակեց «լաւ հնարաւորութիւն»։ Իր խօսքով՝ եթէ հրադադարը երկարաժամկէտ ըլլայ, ապա Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան քայլերու ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ «Մենք Ատրպէյճանի հետ կը համակարգենք այդ գործնթացը», յայտարարեց Չավուշօղլու։  

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021