ԹԱԹՈՅԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ պաշտօնական նամակներով դիմեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպըրչիկին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերու։ Նամակին մէջ այլ հարցերու շարքին արձանագրուեցաւ, որ գերիներու վերադարձը կամ ազատ արձակուիլը պէտք է դիտարկուի բացառապէս մարդու իրաւունքներու կամ մարդասիրական գործընթացի շրջանակին մէջ։ Այս բոլորը կը վերաբերին թէ՛ զինուորականներուն եւ թէ քաղաքացիական անձերու։

Արման Թաթոյեանի նամակին մէջ շեշտուած է, որ գերիներու վերադարձը պէտք է ապահովուի ռազմական գործողութիւններու դադարէն անմիջապէս վերջ։ Սա ինքնաբերաբար գործադրութեան ենթակայ միջազգային գործողութեան համընդհանուր պահանջ մըն է։ Հակառակ վարուելակերպը կ՚ոտնահարէ մարդու իրաւանց միջազգային պահանջները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը։ Ուստի, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան 8-րդ կէտը ունի ինքնավար նշանակութիւն ու պէտք է գործել բացառապէս ինքնավար մեկնաբանութեամբ։ Այդ մէկը որեւէ պարագայով անկարելի է դիտարկել յայտարարութեան միւս կէտերուն հետ կապի կամ կախուածութեան մէջ։

Ըստ Արման Թաթոյեանի, սկզբունքային կարեւորութեամբ հարց մըն է, որ 64 հայ ռազմագերիներու վերադարձը կը ձգձգուի իրաւական գործընթացներու չարաշահումով։ Անոնց արհեստականօրէն կասկածեալի կամ մեղադրեալի կարգավիճակ կը վերագրուի, ներկայացնելով՝ իբրեւ ահաբեկիչ ու կալանքի ձեւով անազատութեան մէջ կը պահուին՝ որպէս պատիժ։ Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանի ուսումնասիրութիւններն ու անոր հասած բողոքներու քննութեան արդիւնքները շարունակաբար կը հաստատեն, որ Ատրպէյճանի մէջ արհեստականօրէն կը ձգձգեն հայ ռազմագերիներու եւ այլ ձեւով ազատութենէ զրկուածներու ազատ արձակումը, չեն յայտներ գերիներու իսկական թիւը։ Սա նոյնպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պահանջներուն կը հակասէ։ Սա առաջին հերթին կ՚ոտնահարէ ենթականերու ընտանիքներու անդամներու իրաւունքները։ Աւելի՛ն, Թաթոյեանի աշխատակազմի հաւաքագրած ապացոյցները կը հաստատեն, որ անոնց թիւը շատ աւելի բարձր է՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուածին բաղդատմամբ։ Սա կը վերաբերի մինչեւ 44  ռազմագերիի վերադարձին։

Սոյն նամակները ուղարկելէ առաջ Արման Թաթոյեան վերջին օրերուն նոյն նիւթին կապակցութեամբ հանդէս եկած էր զանազան յայտարարութիւններով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճան հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի մասին կը խօսի ցեղասպանութեան եւ էթնիք զտումներու բացայայտ սպառնալիքով։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021