ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻՆՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի չհրաժարի Ս-400 հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելու նպատակէն։ Իր խօսքով՝ այս բանը անկարելի է, որովհետեւ Ս-400 հրթիռային համակարգերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի որոնումներու հետեւանքը կը հանդիսանան։ «Եթէ մեզի համար անհրաժեշտ համակարգերը ժամանակին ու տրամաբանական պայմաններով տրամադրուած ըլլային մեր դաշնակիցներուն կողմէ, ապա Ս-400-ներու կարիքը պիտի չմնար։ Հիմա վեր կեցած կ՚ըսեն, որ հրաժարեցէք Ս-400-ներ ձեռք բերելէ։ Ինչո՞ւ պիտի հրաժարինք», ըսաւ Էրտողան։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա երկար ատենէ ի վեր աշխատանք յառաջ կը տանի ռուսական Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելու նպատակով։ Այս նախաձեռնութիւնը վերապահութիւն յառաջացուցած է ՆԱԹՕ-ի՝ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ։ Ուստի, Անգարայի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին յաճախ ու բոլոր մակարդակներու վրայ կը վերահաստատէ համապատասխան մտադրութիւնը։

Էրտողան երէկ Պուրտուրի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ մատնանշեց, որ ներկայիս բուն խնդիրն է Մենպիչն ու Եփրատի արեւելքը։ «Մենք գիտենք, թէ երբ այս շրջանները մաքրագործենք ահաբեկչական կազմակերպութենէն, ապա միլիոնաւոր սուրիացիներ անվտանգ ձեւով պիտի վերադառնան իրենց բնակարանը։ Բացայայտ է, որ Եփրատի արեւելքին եւ Մենպիչի մէջ խարսխած ահաբեկիչները թիրախաւորած են Թուրքիան։ Քանիցս յայտնած ենք, որ մենք այս շրջանէն ներս բացարձակապէս թոյլ պիտի չտանք ահաբեկչական խմբաւորումներու։ Թուրքիա աչք պիտի չփակէ, որ իր սահմաններուն վրայ ահաբեկչական խմբաւորում մը ստեղծուի։ Պիտի չյօժարինք այս բանին։ Ինչ գինով որ ըլլայ՝ փուլ պիտի բերենք այդ ահաբեկչական միջանցքը։ Մենք կը փափաքինք, թէ այս պայքարը մեր դաշնակիցներուն հետ մղենք։ Անցեալին, երբ մեր երկրի սահմաններուն սպառնալիքներ կ՚ուղղուէին ԻՇԻՊ-ի եւ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի ահաբեկիչներուն կողմէ, մեր դաշնակիցներէն պահանջեցինք հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր։ Գիտէ՞ք, ինչ եղաւ։ Մէկ կողմ թողէք մեզի հակաօդային պաշտպանութեան նոր համակարգերու տրամադրումը, այնտեղ եղածներուն ալ մեծամասնութիւնը ետ քաշեցին։ Ասոր վրայ մենք մէկ կողմէ մեր սահմաններուն վրայ ահաբեկիչները չէզոքացնելու ուղղեալ գործողութիւններ յառաջ տարինք, միւս կողմէ ալ այլընտրանքային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու որոնման մէջ մտանք։ Ռուսաստանէն Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման համաձայնութիւնը հետեւանքն է այս բանին։ Ահաբեկիչներուն զէնք պիտի տաս, սակայն ես երբ որ քեզմէ իմ դրամովս պահանջեմ՝ պիտի չտաս։ Սա ինչպէ՞ս գործընկերութիւն է, ինչպէ՞ս դաշնակցութիւն է», ըսաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը նշեց, որ Թուրքիա իրաւունք ունի տարբեր համակարգեր օգտագործելու եւ ՆԱԹՕ-ի իրաւասուներն ալ բացայայտօրէն նշած են, որ այս կացութիւնը խնդիր մը չի յառաջացներ։ Աւելի՛ն, Թուրքիա կը յայտնէ, որ տակաւին կարիքը ունի իր դաշնակիցներուն կողմէ տրամադրուելիք համակարգերուն եւ այս ուղղութեամբ կ՚ակնկալէ ձեռնարկուած աշխատանքներու ժամ առաջ աւարտին հասնիլը։ Անշուշտ, այս ուղղութեամբ թրքական կողմը ունի կարգ մը պայմաններ եւ ակնկալութիւններ։

Միւս կողմէ, ռուսական աղբիւրները հաղորդեցին, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի աւարտի Թուրքիոյ համար նախատեսուած Ս-400 հրթիռային համակարգերու յանձնումը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019