ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Այսօր Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-րդ տարեդարձն է։ Սա համահայկական նշանակութեամբ յոբելեան մըն է եւ անոր իմաստը սահմանափակուած չէ զուտ գրականութեամբ մը։ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակի յոբելեանը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու այս տարուան օրացոյցին վրայ։

Հայաստանի մէջ Թումանեանի 150-ամեակին առթիւ դրոշմաթուղթ մը թողարկուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ։ Երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը տեղի ունեցաւ նամականիշի կնքման արարողութիւնը։

Բաց աստի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ ալ տեղի ունեցաւ՝ «Թումանեանագիտութեան արդի հիմնա-խընդիրները» խորագրեալ համաժողով մը։ Այս առթիւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ Յովհաննէս Թումանեան 21-րդ դարու քաղաքացի մըն էր։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ հրապարակուեցաւ նաեւ Թումանեանի 150-ամեակի յոբելեանին առթիւ մշակուած ծրագիրը, որով կը նախատեսուին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019