ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՍՏՂԱԴԻՏԱՐԱՆ ԵՒ ՄԻՒՆԻԽԻ ԹԵՔՆԻԿ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, երէկ շարունակեց իր աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը Գերմանիոյ մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց Եւրոպական հարաւային աստղադիտարան եւ Միւնիխի Թեքնիկ համալսարան։ Այս երկու կարեւոր գիտական կեդրոններէն ներս Արմէն Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ ղեկավարութեանց կողմէ։

«Իմ նպատակն է վերականգնել մեր երկրի գիտական աւանդութիւնները, Հայաստանը դարձնել գիտական կեդրոն», ըսաւ Արմէն Սարգսեան Եւրոպայի Հարաւային աստղադիտարանէն ներս։ Իսկ Միւնիխի Թեքնիկ համալսարանին մէջ ան ընդգծեց նոր գործընկերութիւններու սկսելու ուղղեալ մտադրութիւնը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019