HOLIDAY INN ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆԻ ՑԱՆՑԸ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՈՒԿԱՅ

Holiday Inn պանդոկներու յայտնի միջազգային ցանցը մուտք գործեց Հայաստանի շուկայ։ Երեւանի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կատարուեցաւ Holiday Inn պանդոկի բացումը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առընթեր արարողութեան ներկայ գտնուեցան միջազգային ցանցի ներկայացուցիչները եւ Հայաստանի մասնաճիւղի պատասխանատուները։ Holiday Inn-ի բացումով Երեւանի մէջ զբօսաշրջիկներու կեցութեան տեսակէտէ հնարաւորութիւնները ընդլայնուած կ՚ըլլան։

Կը հաղորդուի, որ Երեւանի  Holiday Inn պանդոկը ունի 130 սենեակ, ինչպէս նաեւ կահաւորուած հանդիպումներու դահլիճ մը։ Շուրջ 10 միլիոն տոլար ներդրումով կառուցուած պանդոկի բացման ժամանակ կատարուեցաւ նաեւ օրհնութեան կարգ։   

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019