հայաստան կը մասնակցի «Մոլորակի Ժամ» Արշաւին

Այսօր կը մեկ­նար­կէ «Մո­լո­րա­կի ժամ» հա­մաշ­խար­հա­յին  բնա­պահ­պա­նա­կան ար­շա­ւը, ո­րուն նպա­տակն է հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, գոր­ծա­րար աշ­խար­հը, հա­մայնք­ներն եւ այլ շա­հագր­գիռ կող­մե­րը միա­ւո­րել՝ լոյ­սե­րը մէկ ժա­մով  ան­ջա­տե­լու գա­ղա­փա­րին շուրջ՝ յա­նուն մեր մո­լո­րա­կի կեն­սա­կան պայ­ման­նե­րու  եւ աղ­բիւր­նե­րու պահ­պան­ման:

Ար­շա­ւին Հա­յաս­տան կը մաս­նակ­ցի ար­դէն ու­թե­րորդ ան­գամ, եւ այս տա­րի  ար­շա­ւին միա­ցած են Ա­բո­վեան, Ա­րա­րատ, Ար­մա­ւիր, Ար­տա­շատ, Դի­լի­ջան, Էջ­միա­ծին, Գա­ւառ, Գո­րիս, Կիւմ­րի, Հրազ­դան եւ Վա­նա­ձոր քա­ղաք­նե­րը:

Ըստ Բնու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին հիմ­նադ­րա­մի հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղի  տնօ­րէն Կա­րէն Մա­նուէ­լեա­նի՝ այսօր տե­ղա­կան ժա­մով 20.30-21.30-ի միջեւ մէկ ժա­մով պի­տի ան­ջա­տուի  Ե­րե­ւա­նի շէն­քե­րուն եւ խորհր­դա­նիշ հան­դի­սա­ցող յու­շար­ձան­նե­րուն ար­տա­քին, ինչ­պէս նաեւ փո­ղո­ցա­յին լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը:

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016