«ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 5 ՄԻԼԻՈՆ ԲՆԱԿԻՉԻ ՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ԾԱԾԿՈՒԻՆ ՋՈՒՐՈՎ»

Երկիր մոլորակի աւելի քան հինգ միլիոն բնակիչներ մինչեւ 2100 թուականը կը կորսցնեն իրենց տունը ծովու մակարդակի բարձրացման պատճառով. նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Փարիզի համաձայնագրերը կատարուին, եւ մոլորակը աւելի տաքնայ ընդամէնը սելսիուսի 1.5-2 աստիճանով: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կլիմայագէտները յայտարարած են Environmental Research Letters հանդէսին մէջ հրապարակուած յօդուածով մը:

«Մենք սորված ենք կարծել, թէ Փարիզի համաձայնագիրը մեզ կը փրկէ համաշխարհային ջերմացման հետ կապուած բոլոր խնդիրներէ: Մենք յաջողած ենք ցոյց տալ, որ նոյնիսկ բոլոր պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարումը կը յանգեցնէ այն բանին, որ երկրի ափամերձ տարածքաշրջաններու բնակիչներ ստիպուած կ՚ըլլան պայքարիլ ծովու մակարդակի աճի եւ հեղեղներու յաճախականութեան դէմ», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Փրինսթընի համալսարանի կլիմայագէտ Տէյվիտ Ռասմուսէն: Խաղաղական ովկիանոսի մակարդակը կախեալ է օդի միջին ջերմաստիճանէն, սառցածածկոյթի մակերեսէն, գետերու հոսքի ծաւալէն եւ այլ կլիմայական յարաչափերէն:

Այս բոլոր յարաչափերու վրայ կ՚ազդէ կլիմայի փոփոխութիւնը, որու պատճառով կլիմայագէտները եւ ովկիանագէտները կը հետեւին ծովու մակարդակի տատանումներուն: Այսպէս, վերջին հարիւրամեակին Խաղաղական ովկիանոսը «բարձրացած է» 17 սանթիմեթրով: Ովկիանոսի մակարդակի յետագայ բարձրացումը կրնայ դառնալ Եւրոպայի եւ աշխարհի այլ մասերուն մէջ ափամերձ շրջաններու ջրածածկման պատճառ եւ կրնայ արագացնել կլիմայի փոփոխութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018