ԵՒ ԱՐԴԷՆ ԱՖՐԻՆ

Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին մուտք գործեցին Աֆրին եւ ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առին քաղաքի կեդրոնը։ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն 58-րդ օրը Թուրք զինեալ ուժերը արդէն հասան իրենց նպատակին։

Երէկ առաւօտ, Չանաքքալէի յաղթանակի 103-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնապէս հաղորդեց այս մասին։ «Կ՚ուզեմ ձեզի հետ բաժնել աւետիս մը։ Ժամը 08.30-ի դրութեամբ Աֆրինի կեդրոնը առնուած է հակակշռի տակ», ըսաւ Էրտողան։ Միեւնոյն ժամանակ ան յայտնեց, որ Թուրքիա բռնագրաւման նպատակով չէ մեկնած Աֆրին։ «Մենք այնտեղ գացած ենք մեր եղբայրները փրկելու համար ահաբեկչական կազմակերպութեան զուլումէն», ընդգծեց Էրտողան։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր Թուրք զինեալ ուժերէն 46 հոգի նահատակուած է, վիրաւորեալներուն թիւն է՝ 225։ Մինչ այդ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Աֆրինի մերձակայքին յայտնաբերուած է ստորգետնեայ մեծ զինանոց մը։ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ին պատկանող այս ըս-տորգետնեայ զինանոցը կը բաղկանայ 12 սենեակէ։ Թրքական զօրքերը այնտեղ յայտնաբերած են մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք՝ բոլորն ալ Միացեալ Նահանգներու կամ Ռուսաստանի արտադրանք։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018