ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԾԱԹԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՄՈՅՇԸ՝ ԱՐԾՐՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ԱՆՕԹԸ

Հայկական լեռնաշխարհէն ներս արծաթագործութիւնը յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն: Այդ մասին կը վկայեն Քարաշամբէն, Վանաձորէն, Լճաշէնէն, Լոռի Բերդէն եւ այլ հնավայրերէ պեղուած ոսկեայ, արծաթեայ բարձրարժէք գտածոները: Յետագայ դարերուն հայկական արծաթագործութեան աւանդոյթները հարստացուեցան նոր ձեւերով եւ բովանդակութեամբ: Հայ վարպետները սերունդէ սերունդ փոխանցելով իրենց մասնագիտական հմտութիւնները, փոխառելով նաեւ հարեւան ժողովուրդներու փորձը՝ զարգացուցին եւ կատարման բարձր մակարդակի հասցուցին հայկական ոսկերչութիւնն ու արծաթագործութիւնը:

Արծրունիներու տոհմին պատկանող արծաթեայ նրբագեղ գաւաթը կը թուագրուի 1820 թուական, պատրաստուած է Հին Պայազիտի մէջ: Հայ վարպետի նրբաճաշակ այս ստեղծագործութիւնը աչքի կը զարնէ կատարման մեծ վարպետութեամբ եւ բացառիկ գեղեցկութեամբ:

«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հնագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Ճուլիեթթա Կարապետեան, ներկայացնելով գաւաթը, ըսաւ, որ ան լայնաբերան է, նեղ յատակով, նստուկով, բաղկացած է գաւաթէ եւ գաւաթակալէ: Պատրաստուած է արծաթէ, ներսէն ոսկեջրուած է: «Կիրառուած են ձուլման, ֆիլիկրանի (ցանցկէն), արծնապատման եւ փորագրման եղանակները: Գաւաթակալը ամբողջութեամբ յարդարուած է բուսական զարդանախշերով, ունի զարդարուն օղակաձեւ նստուկ: Իրանի ցանցկէն յարդարանքի վերադիր նախշերը պատուած են երկնագոյն, վարդագոյն, կանաչ եւ դեղին արծնով (էմալ)՝ միջնորմուած արծնապատման եղանակով: Յատակի արտաքին կողմին կայ վարդեականման զարդանախշ, մէջտեղը պտուտակաձեւ ելուստով: Հնարաւոր է գաւաթը ունեցած է ոտք, որ չէ պահպանուած», նշեց ան:

Գաւաթի շրթեզրը բոլորուած է մէկ տողնոց արձանագրութեամբ. «Ի ՎԱՅԵԼ(ՈՒՄ)Ս ԱՂԱՅ ՅԱԿՈԲ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵ(Ա)Ն ԱՐԾՐՈԻՆՈՅՆ ՀՈԳԵԿԻՑ ԵՂԲՕՐԴ ԻՄ(Ո)Յ ԸՆԾԱՅԵ(Ա)Լ Ի ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔԵՊ(Ի)Ս(ԿՈՊՈՍ)Է Տ(Է)Ր ԳԱՍՊԱՐԵ(Ա)Ն Ի ՆՇԱՆ ՍԻՐՈՅ. 1820»:

Կարապետեանի խօսքով՝ Արծրունիներուն պատկանող այս գաւաթը ոչ միայն արծաթագործութեան բարձրարժէք գործ մըն է, այլեւ հայկական արծնագործութեան բացառիկ նմոյշ: «Արծնագործութիւնը ոսկերչական եւ արծաթագործական արուեստի զարդապատման եւ գունապատման գլխաւոր ճիւղերէն մէկն է: Արծնի թափանցիկ հիմնանիւթը բաղկացած է ապակիէ, կապարի եւ քալիումի խառնուրդներէ, որ խառնելով մետաղներու օքսիտներու հետ կը ստացուի տարբեր գոյներու արծներ», ըսաւ ան, յաւելելով, որ հայկական արծնագործութեան հնագոյն նմոյշները կը թուագրուին 17-րդ դարով, սակայն չի բացառուիր աւելի հին նմոյշներու գոյութեան հաւանականութիւնը, քանի որ առկայ նմոյշները իրագործուած են մեծ վարպետութեամբ եւ անկարելի է, որ հիմնուած չըլլան առաւել հին աւանդոյթներու վրայ։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018