ՓՈՒԹԻՆԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆԸ

Ռուսաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Վլատիմիր Փութին տարաւ ջախջախիչ յաղթանակ մը։ Քուէարկողներու 75 տոկոսը Փութինին վրայ կեդրոնացուց ձայները։ Նախորդ ընտրութեան արդիւնքին բաղդատմամբ՝ Փութինի քուէներուն ձայնը բարձրացաւ 10 տոկոսով։ Ան եւս 6 տարի պիտի շարունակէ վարել Ռուսաստանի ղեկը։

Ընտրութիւններու առաջին անպաշտօն հրապարակումներէն վերջ Փութին երէկ կէս գիշերին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մոսկուայի մէջ։ -12 աստիճանին ան Կարմիր հրապարակի վրայ խօսք ուղղեց իր շուրջի 30 հազար համակիրներուն։ Փութին, որ չորրորդ շրջանը կ՚ողջունէ Քրեմլինի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց իր համակիրներուն։ «Ձեզի հետ միասին կարեւոր գործեր պիտի ընենք յանուն Ռուսաստանի։ Պիտի աշխատինք Ռուսաստանի ապագային, մեր զաւակներու ապագային ու ձեռք ձեռքի տալով մեծ Ռուսաստանի համար», ըսաւ Փութին։

Հարկ է նշել, որ Ռուսաստանի մէջ ընտրողներու 60 տոկոսը մասնակցեցաւ երէկուան քուէարկութեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018