ՉԲՈՊԻԿԱՆԱԼ՝ ՋՈՒՐԸ ՉՏԵՍԱԾ

Մի քանի օր առաջ Եւրոխորհրդարանը գրեթէ միաձայն առաջարկեց Եւրոմիութեան գործադիր կառոյցներուն՝ դիտարկել Հայաստանի ԵՄ-ի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տալու հարցը։ Որեւէ իրադարձութեան պարագային որեւէ հասարակութեան արձագանգը սովորաբար կ՚ըլլայ երկու տեսակ։ Այդ ծայրայեղական երկու տեսակները կը բնորոշուին յունարէն բառերով՝ «պանիկա» (խուճապ) եւ «էյֆորիա» (մօտաւորապէս՝ հարբած աստիճանի ոգեւորութիւն)։ Այս պարագային, բնականաբար, երկրորդն է։ Ընդ որում, էյֆորիան յաճախ արհեստական կ՚ըլլայ ու կը բորբոքուի պաշտօնական քարոզչութեան կողմէ։

Նախ՝ պէտք չէ մարդիկ խաբել եւ յոյսեր ներշնչել, թէ քանի մը տարի յետոյ Հայաստան կը դառնայ Եւրոմիութեան անդամ՝ հակառակ ԵՄ-ի անդամակցութիւնը, կը կարծեմ, որպէս ռազմավարական նպատակ պէտք է պաշտօնապէս ձեւակերպուի, ինչ որ, ի դէպ, առայժմ չէ եղած։

Այն, որ Եւրոխորհրդարանը նման բան կ՚առաջարկէ, թերեւս չի նշանակեր, որ Եւրոյանձնաժողովը (ԵՄ-ի բարձրագոյն գործադիր մարմինը) անմիջապէս կ՚ընդունի մեր՝ թեկնածու դառնալու յայտը։ Իսկ Հայաստան առ այժմ նման դիմում, որքան գիտեմ, չէ ներկայացուցած։

Արդեօք կրնա՞յ ներկայացնել՝ մնալով ԵԱՏՄ-ի անդամ, սա ալ հարց է։ Կը յիշէք, անշուշտ, թէ ինչպէս 2013-ին մեր երկրի՝ Մաքսային միութեան անդամ դառնալը փաստացի արգիլեց ԵՄ-ի հետ համարկման պայմանագրի ստորագրումը։

Եթէ, այնուամենայնիւ, մի քանի տարիէն կարելի ըլլայ ձեռք բերել թեկնածուի կարգավիճակ, սա, միեւնոյնն է, չի նշանակեր, որ մենք անպայման կը դառնանք ԵՄ-ի անդամ։ Այդ՝ թեկնածուի կարգավիճակը այժմ ունի ութ երկիր. Ալպանիա (2014-էն), Պոսնա Հերսէք (2022-էն), Վրաստան (2023-էն), Մոլտովա (2022-էն), Հիւսիսային Մակեդոնիա (2005-էն), Սերպիա (2012-էն), Թուրքիա (1999-էն) եւ Ուքրայնա (2022-էն)։ Կ՚առաջարկեմ աչքէ անցընել այդ ցուցակը եւ հաշուարկել, թէ այդ շարքին ո՞վ առաջնահերթ ներս պիտի թողեն։

Բայց իմ գլխաւոր կասկածները կապուած են Հայաստանի ներկայ իշխանութեան անկեղծութեան հետ։ Ես չեմ հաւատար, թէ Փաշինեան իսկապէս եւրոպական համարկման կողմնակից է։ Կը կարծեմ, ան կը շարունակէ արեւմտեան գործընկերները «եւրաեոնճա» համարել (յիշեցնենք, որ սա Փաշինեանի իսկ ձեւակերպումն է տարիներ առաջ). այն աստիճանի «եոնճա», որ անոնց հնարաւոր չէ մշտապէս խաբել ժողովրդավարութեան աճպարարութեամբ (իմիթասիոն) եւ Ռուսաստանի հասցէին կոշտ հռետորաբանութեամբ։

Եւրոպացիները, ի հարկէ, իր պատկերացուցած միամիտները չեն, որ խաբուին «ժողովրդավարութեամբ», իսկ ահա հռետորաբանութիւնը իրենց այս պահուն պէտք է։

Փաշինեանի «եւրոպամէտ» քայլերու միակ նպատակը իր իշխանութիւնը երկարաձգելն է. նպատակ, որ առ այժմ յաջողութեամբ կ՚իրականացուի։ Աւելին, իմ տպաւորութեամբ, այս՝ իր իշխանութեան մնալու հարցին մէջ Ռուսաստանի, Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ (Ատրպէյճանի) միջեւ ընդհանուր համաձայնութիւն մը կայ։ Կը հասկնամ, որ այդ ցուցակին վրայ Ռուսաստանը ընդգրկելը վատ լուր է մեր ընդդիմութեան մեծ մասին համար։ Բայց քայլերը հաշուարկելու համար անոնք պէտք է ճշմարտութիւնը իմանան։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024