ERVAB ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) վերջին շրջանին արդէն աշխատանք ծաւալած է՝ համայնքէն ներս նուիրահաւաքման նոր համակարգ մը հաստատելու առաջադրութեամբ։ Այդ նախաձեռնութիւնը ընթացած է բաւական գործնական եւ արագ թափով ու ի վերջոյ գրեթէ պատրաստ է կեանքի կոչուելու։

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ERVAB-ի հերթական ժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոց մը առաջ «İtimat Büro»ն լուծարուած էր՝ զանազան թերացումներու եւ անոնցմով պայմանաւորուած պնդումներու հետեւանքով։ Այդ փուլին Պատրիարքական Աթոռը եւ ԹՎՄ-ը շարժման անցած էին, որպէսզի նուիրահաւաքման նոր համակարգ մը ձեւաւորուի համայնքէն ներս։ Նախկին թերացումները՝ որպէս փորձառութիւն հաշուի առնելով, աւելի կատարելագործուած համակարգ մը ստեղծելու առաջադրութեամբ ԹՎՄ-ի շրջանակներէն ներս տարուած է բազմակողմանի աշխատանք։ Երէկուան ժողովի ընթացքին այդ աշխատանքին արդիւնքը ներկայացուեցաւ համայնքային վարիչներու նկատառման։

Նիստը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ ERVAB-ի գլուխը կը գտնուի։ Ժողովականները գոհունակութեամբ վերահասու դարձան՝ մասնաւորապէս յուղարկաւորութիւններու ընթացքին մեր զանազան հաստատութիւններուն ի նպաստ կատարուած նուիրատուութիւնները հաւաքագրելու եւ տեղ հասցնելու նպատակով պատրաստուած նոր նախագծին։ Բոլորը ողջունեցին թէ՛ կազմակերպչական առումով եւ թէ թեքնիք ենթակառուցուածքի տեսակէտէ բաւական հեռանկարային այս նախաձեռնութիւնը։ Հուսկ, անոնք որոշեցին պատկան պաշտօնական մարմիններու՝ մանաւանդ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի պատկան բաժանմունքի տրամադրութիւնն ալ շօշափելէ վերջ այս համակարգի գործածութեան ձեռնարկել։

Բաց աստի, ԹՎՄ-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ տնտեսական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիր մը։ Այսպէս, համապատասխան յանձնախումբը վերջին շրջանին ելմտական բնոյթով եւ պիւտճէի վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաւաքած էր մեր համայնքային բոլոր մարմիններէն։

Այդ տեղեկութիւններուն հիման վրայ՝ երէկ սեղանի վրայ դրուած տեղեկագիրը արդէն կը ցոլացնէ թրքահայ վաքըֆներու ընդհանուր ներուժը, ծախսերը, կարիքներն ու միջոցները։ Երէկուան դռնփակ ժողովէն վերջ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ եթէ մեր բոլոր հաստատութիւնները ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցեն այս աշխատանքներուն համար, ապա ապագային որեւէ խնդիր կամ տատամսում չի յառաջանար՝ թրքահայ համայնքի վերաբերեալ որեւէ հաշուարկ ընելու ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024