24 ՅՈՒՆԻՍԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԿԱՆԽԱՀԱՍ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիա յառաջիկայ 24 Յունիսին պիտի ձեռնարկէ կանխահաս ընտրութեան։ Համապատասխան վերջնական յայտարարութիւնը երէկ կատարուեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութենէն վերջ։ Ուստի, 24 Յունիսին նոյնաժամանակ պիտի կատարուին թէ՛ նախագահական եւ թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները, ինչ որ պիտի ապահովէ նաեւ երկրէն ներս կառավարման նոր համակարգի վերջնականօրէն հաստատման։

Պեշթեփէի համալիրէն ներս Պահչելին ընդունելէ վերջ, Էրտողան խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ իր շարք մը անմիջական գործակիցներուն հետ։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի նախագահ Սատի Կիւվէնն ալ երէկ յայտարարեց, որ աշխատանքները սկսած են՝ ընտրութեան ժամանակացոյցի յստակեցման համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018