ՌԱՖԱՅԷԼԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐՆԵՐԷՆ

Ա­մե­րի­կեան Forbes հան­դէ­սը իր յու­նի­սեան թի­ւի կա­փա­րի­չին վրայ զե­տե­ղած է ա­մե­րի­կեան Ani&Alex ոս­կեր­չա­կան ապ­րան­քա­նի­շի հիմ­նա­դիր Քա­րո­լայն Ռա­ֆա­յէ­լեա­նը:

Ա­մե­րի­կա­հայ ձե­ւա­ւո­րող, բա­րե­րար եւ գոր­ծա­րար Քա­րո­լայն Ռա­ֆա­յէ­լեան նե­րա­ռուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­մե­նա­հա­րուստ կա­նանց Forbes-ի ցան­կին մէջ, ո­րոնք ինք­նու­րոյն վաստ­կած են ի­րենց կա­րո­ղու­թիւ­նը: Ռա­ֆա­յէ­լեան տա­րե­կան 10 մի­լիոն տո­լար կը շա­հի՝ 33 տո­լար­նոց ա­պա­րան­ջան­ներ վա­ճա­ռե­լով: Յօ­դուա­ծին մէջ կ՚ը­սուի, որ ըն­կե­րու­թեան ե­կա­մու­տին 80 առ հա­րիւ­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ա­պա­րան­ջան­ներն են, ո­րոնց ձե­ւա­ւո­րում­նե­րուն վրայ աշ­խա­տած է ինք՝ Ռա­ֆա­յէ­լեան:

Forbes կը նշէ, որ 50-ա­մեայ հա­յու­հիին կը պատ­կա­նի ոս­կեր­չա­կան ապ­րան­քա­նի­շի բաժ­նե­տոմ­սե­րուն 80 տո­կո­սը, ո­րոնք կը գնա­հա­տուին առ­նուազն 1.2 մի­լիառ տո­լար:

Ըստ կան­խա­տե­սում­նե­րու, 2020 թուա­կա­նին Ռա­ֆա­յէ­լեա­նի հիմ­նած ապ­րան­քա­նի­շը կրնայ լուրջ մրցա­կից դառ­նալ յայտ­նի Pandora ապ­րան­քա­նի­շին, որ ոս­կեր­չա­կան զար­դե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յի յա­ռա­ջա­տարն է: Քարոլայն Ռա­ֆա­յէ­լեան նաեւ ընդգր­կուած է «Աշ­խար­հի ա­մե­նաու­ժեղ յի­սուն կա­նանց» ցան­կին մէջ, ըստ ա­մե­րի­կեան Working Together ամ­սագ­րին: Ա­նոր կա­րո­ղու­թիւ­նը 700 մի­լիոն տո­լար է: Ան կը հա­մա­րուի աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ հա­յու­հին:

2004 թուա­կա­նին Ռա­ֆա­յէ­լեան հիմ­նած է Alex&Ani ըն­կե­րու­թիւ­նը, ա­նուա­նե­լով զայն իր դուստ­րե­րուն պա­տուին եւ ստանձ­նե­լով Ռոտ Այ­լըն­տի մէջ գոր­ծող հօր ոս­կեր­չա­կան գոր­ծա­րա­նի զար­գա­ցու­մը: Ան սկսած է կեն­դա­նա­կեր­պի նշան­նե­րով ա­պա­րան­ջան­նե­րու ար­տադ­րու­թեան, որ դար­ձած է ա­նոր ապ­րան­քա­նի­շին հիմ­նա­կան ար­տադ­րու­թիւ­նը: 2010 թուա­կա­նին ըն­կե­րու­թեան ե­կա­մու­տը կազ­մած է շուրջ 4.5 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար: 2015 թուա­կա­նին վա­ճառ­քի ծա­ւալ­նե­րը հա­սած են 500 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի, ո­րուն շնոր­հիւ 49-ա­մեայ գոր­ծա­րա­րը յայտ­նուած է Forbes-ի ա­մե­նա­յա­ջո­ղակ գոր­ծա­րար կի­նե­րու ցան­կին վրայ:

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017