Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն հրա­ժեշտ ա­ռաւ Մոս­կուա­յէն, ուր մեկ­նած էր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայնուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ժո­ղով­նե­րու ա­ւար­տին, հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հետ։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մե­զի յայտ­նեց, որ ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին ընթ­րիք մը նա­խա­տե­սուած էր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ինք ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն պէտք է ճամ­բայ ել­լէր դէ­պի օ­դա­կա­յան՝ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան չմաս­նակ­ցեցաւ այդ ընթ­րի­քին։

Մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը դի­տել տուաւ, որ բա­ւա­րա­րուած է եւ գոհ է ԳՀԽ­-ի քննար­կում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րէն։ Ըստ ի­րեն, ԳՀԽ ո­րո­շած է անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին Պո­լիս ու­ղար­կել բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան մը՝ որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։ Այդ ո­րոշ­ման գոր­ծադ­րու­թիւ­նը թո­ղուած է Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հա­յե­ցո­ղու­թեան։ Այ­սինքն, ըստ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պի­տի կա­րե­նայ նշա­նա­կել բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան մը եւ զայն ու­ղար­կել Պո­լիս՝ տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար կա­ցու­թեան։

Բաց աս­տի, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան մե­զի յայտ­նեց, որ ինք կը հե­տե­ւի նաեւ Իս­թան­պու­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու տե­ղեակ է, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է աշ­խա­տան­քի եւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն իր կող­մէ նա­խա­տե­սուած կարգ մը շփում­նե­րու ար­դիւն­քով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի յստակ պատ­կե­րաց­նել ա­մէն ինչ։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այս ա­ռա­ւօտ Մոս­կուա­յէն ան­ցաւ Քէօլն, ուր Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս այս օ­րե­րուն ու­նի նա­խա­տե­սուած շարք մը կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ։

 

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017