ՊԵԼԺԻԱ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԵՂԵՌՆԸ

Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ սկսաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի քննար­կում­նե­րուն։ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէլ ընդգ­ծեց, որ 1915-17 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պէտք է ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ան յա­նուն կա­ռա­վա­րու­թեան Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տա­րած­քին դար մը ա­ռաջ իթ­թի­հա­տա­կան վար­չա­կար­գի դէպքե­րը ո­րա­կեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ կան նաեւ թուրք պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնք կողմ ար­տա­յայ­տուած են այս բա­նա­ձե­ւին։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Պել­ժիոյ ծե­րա­կոյ­տը 1998-ին ար­դէն ճանչ­ցած էր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015