ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒԻՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, եւրոպացի խորհրդարանականները հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողով։ Հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար Փիոթր Սվիթալսքի։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց եւրոպացի խորհրդարանականներու Երեւան այցելութիւնը եւ կարեւորեց համագործակցութեան աշխուժացումն ու յետագայ զարգացումը։ Վարչապետը հիւր պատգամաւորներուն ներկայացուց Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներու ընթացքը։ Իր խօսքով՝ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մին է ժողովրդավարական կառոյցներու շարունակական զարգացումը։ Այդ ամբողջին մէջ վարչապետը կանգ առաւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, տնտեսութեան մէջ մենաշնորհներու դէմ պայքարի եւ այլ ոլորտներէ ներս նախատեսուած բարեփոխումներու ու մշակուած ծրագրերու վրայ։ Փաշինեան ներկայացուց նաեւ իր դիտարկումները Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հնարաւորութիւններուն եւ ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններուն շուրջ։ Այդ բոլորի նպատակը պիտի ըլլայ ապահովել ու երաշխաւորել ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու կազմակերպումը։ «Մեր քայլերու նպատակն է երկրէն ներս իրականացնել իսկական փոփոխութիւններ», ըսաւ Փաշինեան։

Եւրոպացի խորհրդարանականներն ալ նշեցին, որ ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Անոնք կարեւորեցին ու ողջունեցին այդ իրադարձութիւններու խաղաղ ու ոչ-բռնի բնոյթը ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ Սահմանադրութեան շրջանակին մէջ։ Խորհրդարանականները ընդգծեցին, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերել Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման քայլերուն ու նպաստել երկրէն ներս ժողովրդավարութեան զարգացման եւ ամրապնդման։

Ընդունելութեան ընթացքին Փաշինեան պատասխանեց նաեւ եւրոպացի խորհրդարանականներու շարք մը հարցումներուն եւ այդ ամբողջին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանն ալ ընդունեց եւրոպացի խորհրդարանականները։ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Մաքէլըսթըրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամներուն հետ զրուցելու ժամանակ Արմէն Աշոտեան անդրադարձաւ երկրի ներքին քաղաքական գործընթացներուն։ Ան կարեւորեց, որ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ շրջադարձային փոփոխութիւններ չեն կատարուած։ Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին, Արմէն Աշոտեան կարեւորեց փաստաթուղթի գործընթացի վաւերացման աւարտը մինչեւ 2019 թուականի Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւնները։ Խօսելով տարածքաշրջանային զարգացումներու մասին՝ Աշոտեան ըսաւ. «Ժողովրդավարութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս կարեւոր գործօն մըն է կայունութեան եւ խաղաղութեան համար»։

Մինչ այդ, Տէյվիտ Մաքէլըսթըր Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է Հայաստանի հետ երկխօսութեան սկսելու՝ վիզաներու ջնջման ուղղութեամբ, սակայն դժուարացաւ ժամկէտներ նշել։ Միեւնոյն ժամանակ, ան բարձր գնահատեց քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան մակարդակը երկրի քաղաքական կեանքին։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018