ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 18 յունիս 2019, երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ատենապետութեամբ գումարուած Ժ. նիստին քննարկեց Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացը։

Յետ խորհրդակցութեան որոշուեցաւ 27 յունիս 2019, հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, հրաւիրել Եկեղեցականաց Համագումար Ժողով Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան օրակարգով։ Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի ըստ նախկին օրինաց եւ Սահմանադրութեան տրամադրութեանց, մասնակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարող հոգեւորականներու։ Նոյն դրութեամբ կատարուած էր Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքի վախճանումէն յետոյ տեղի ունեցած Պատրիարքական Տեղապահի, նաեւ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անգործութեան մատնուած շրջանին կատարուած Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութիւնները։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

18 յունիս 2019
11817

Չորեքշաբթի, Յունիս 19, 2019