ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով վաղը հանդիպում մը պիտի ունենան Ուաշինկթընի մէջ։ Նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս հանդիպման ընդառաջ արդէն մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեանի եւ միջնորդներու հանդիպումը կը կրէր նախապատրաստական բնոյթ՝ վաղուան տեսակցութեան ընդառաջ։ Զրուցակիցները գնահատեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի ներկայ իրավիճակը՝ նախկին հանդիպումներու ընթացքին ապահովուած համաձայնութիւններու իրականացման համատեսքին մէջ։

Մնացականեան Ուաշինկթընի մէջ կ՚ունենայ նաեւ այլ հանդիպումներ՝ ամերիկացի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 19, 2019