ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՎԻՃԱԿԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ

Վաղը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի գործադրուի՝ լիսէներու մտից քննութեան բերումով։ Այսպէս, ժամը 09.00-15.00-ին պիտի գործադրուի սահմանափակումը, թէեւ սննդամթերքի խանութները բաց պիտի ըլլան։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան դարձեալ հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 48 հազար 412 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1304 նոր վարակեալ։ Վերջին օրերուն բաղդատմամբ որոշ չափով նուազելու միտում ցոյց տուած է վարակեալներու թիւը՝ թէեւ ներկայ քանակութիւնը միշտ մտահոգիչ շեմին մօտ կը գտնուի։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ երէկուան դրութեամբ դարձեալ առողջացած հիւանդներու թիւը գերազանցած է նոր վարակեալները։ «Մեզմէ մէկուն զանցառութիւը կը հետաքրքրէ մեր բոլորը։ Մեր կեանքը շարունակենք նախազգուշական միջոցներով», ըսաւ նախարար Քոճա։

Մինչ այդ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ կը շարունակուին համաճարակի վերաբերեալ արժեւորումները։ Մասնագէտներ խորհրդածութիւններ կ՚ընեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համավարակէն պաշտպանուիլ առանց առօրեան կասեցնելու։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020