ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ

Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Այս օրուան մուտքին, գիշերը ժամը 01.00-ին դրութեամբ վերջացաւ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, արտակարգ դրութիւնը հռչակուած էր 15 յուլիս 2016 թուականի զինեալ յեղաշրջման փորձի յաջորդող օրերուն՝ 21 յուլիս 2016 թուականին։ Երեք ամսուան պարբերութիւններով եօթն անգամ երկարաձգուած էր արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը եւ ներկայիս արդէն այդ մէկը բաւ համարուած է։

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018