ԱՄՆ-Ի ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Յունաստանի մէջ նոր իշխանութեան գլուխ եկած ղեկավարութեան Արտաքին գործոց նախարարը՝ Նիքոս Տենտիաս նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկացի պետական քարտուղարը զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Աթէնք Միջերկրականի արեւելքին եւ Պալքաններու մէջ կայունութեան առանցք մըն է։ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը գրաւոր յայտարարութիւն մը հրապարակեց Փոմփէօ-Տենտիաս տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ երկու երկիրներու ամուր համագործակցութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս։ Փոմփէօ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է նաեւ ուժանիւթի բնագաւառին։ Արեւելեան Միջերկրականէ ներս ուժանիւթի ծրագրերու շրջանակին մէջ ցանցի ընդլայնման նպատակով Յունաստանի կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար շնորհակալութիւն յայտնած է Մայք Փոմփէօ։

Իր կարգին, Նիքոս Տենտիասն ալ յայտնեց, որ ամերիկեան կողմէն պահանջած է Թուրքիոյ նախայարձակ քայլերու պարագային յստակօրէն դիրք գրաւել Յունաստանի կողքին։ «Պահանջեցի, որ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդրի ծագման պարագային Միացեալ Նահանգներու եւ մեր միջեւ ըլլայ ուղղակի հաղորդակցութեան միջոց մը։ Արձանագրեցին, պիտի պատասխանեն», ըսաւ Տենտիաս։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019