ԱՊԱԳԱՅԻ ԱՐՑԱԽԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԱՉՔԵՐՈՎ

Ստեփանակերտի «Յակոբ Կիւրճեան» արուեստի դպրոցին մէջ վերջերս «Թովմասեան» հիմնադրամը նախաձեռնած է ձեռնարկ մը, որուն ծիրին մէջ արցախցի երեխաները նկարեցին ապագայի Արցախը իրենց աչքերով:

«Թովմասեան» հիմնադրամի գործառնութիւններու տնօրէն Նանէ Աւետիսեանի համաձայն, «Թովմասեան» հիմնադրամը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կ՚իրականացնէ բարեսիրական ծրագիրներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: «Այսօր մեր նպատակն է երեխաներուն օգնելու ճամբով աւելցնել անոնց մէջ հետաքրքրութիւնն ու սէրը արուեստին եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ: Կը կարծենք, թէ նիւթական օժանդակութեան զուգահեռ, շատ մեծ են  հոգատարութիւնը, սէրը, ջերմ վերաբերմունքը: Մեր նպատակներէն է նաեւ Արցախի երեխաներուն հետ մեծ շրջանակ մը կազմել, որպէսզի յետագային որեւէ հարցի պարագային անոնց օգնելու համար կապի օղակ գոյութիւն ունենայ», ըսաւ Նանէ Աւետիսեան։

Միջոցառման բոլոր՝ տասներկու մասնակիցներուն կտաւները պիտի հանուին աճուրդի, իսկ ստացուած եկամուտը պիտի յատկացուի արուեստի, մշակոյթի վերաբերող բարեսիրական ծրագիրները կեանքի կոչելու:

«Թովմասեան» հիմնադրամի տնօրէնուհին արուեստի դպրոցի  սաներուն բաժնած է նուէրներ եւ աշխատանքային գործիքներ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 19, 2021