ԽՏԱՑԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շաբաթավերջին այցելեց Երեւան եւ Պաքու։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ անմիջական ուշադրութիւն դրսեւորել։ Այս տեսանկիւնէն Շարլ Միշելի ուղեւորութիւնը կարեւո-րագոյն իրադարձութիւն մըն էր։

ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Շարլ Միշել յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի հետ այցելեց մայրաքաղաքի մեթրոյի ցանցը։

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Շարլ Միշելի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Փաշինեան այս առթիւ նշեց, որ Եւրոմիութեան կողմէ ներկայիս Հայաստանի համար նախատեսուած աջակցութեան մէկ մասը պիտի տրամադրուի երկրի հարաւի հատուածի դիմակայութեան ամրապնդման համար։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի այժմու քաղաքականութիւնը սպառնալիք մըն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան դէմ։ Փաշինեան բացատրեց, որ Եւրոմիութիւն-Հայաստան շփումները ներկայիս ունին լուրջ խտութիւն, ինչ որ գոհունակութիւն կը պատճառէ հայկական կողմին։ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց նաեւ, որ Ատրպէյճան ներկայիս մտադիր է նոր ռազմական բախումներ հրահրել թէ՛ Արցախի դէմ եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։

Իր կարգին, Շարլ Միշել ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը 2.6 միլիառ եւրօ աջակցութիւն մը նախատեսած է ներկայիս Հայաստանի համար։ Սա, իր խօսքով, կ՚ունենայ դրական ազդեցութիւն եւ այդ ազդեցութիւնը ժողովուրդին նկատելի կը դառնայ։ Եւրոմիութիւնը առաւել աշխոյժ ներգրաւուելու մտադրութիւն ունի տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման գործընթացին։ Շարլ Միշել Երեւանի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը ձեռնպահ մնան ակրեսիւ հռետորաբանութենէ։ «Մենք կանգնած ենք Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի երկիրներու կողքին», ըսաւ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։

Կը հաղորդուի, որ թէ՛ Արմէն Սարգսեանի եւ թէ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Շարլ Միշելի ունեցած տեսակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 19, 2021