ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՍՕՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞. ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ՈՉ

Ինչպէս կարելի է պատկերացնել, որ արտաքին գործոց նախարար չունեցող՝ մանաւանդ անդամալոյծ եղած Արտաքին գործոց նախարարութիւն ունեցող երկիր մը, պետութիւն մը, կամ տէրութիւն մը ունենայ արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր հայեցակարգ։

Պարզապէս դժուար է ու մեծ առումով ալ անհնար։

Ամէն պարագայի, համակարգային մեծ խնդիր ունեցող այս երկիրը՝ ցաւալիօրէն, կ՚ապրի իր ծննդոցէն ի վեր ամենաբարդ փուլերէն մին։  Այսօրուան դրութիւնը կարծես, թէ ինչ-որ տեղ պիտի շարունակուի դեռ երկար ժամանակով, եթէ ներքաղաքական ընդհանուր պատկերին վրայ «ցնցող» կամ հանրութիւնը դարձեալ փողոց հանող ծանրակշիռ զարգացումներ չըլլան։

Նախ հասկնալի է, որ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները (որոնց աւելնալու եկան նոյնքան «նախկին» համարուող կարգ մը ազդեցիկ դէմքեր), շատ ուրախ են ընտրութիւններու արդիւնքով ու ամէն պարագայի, երբեք ալ պատրաստ չեն իրենց սխալները ընդունիլ, հետեւաբար նաեւ լռիկ-մնջիկ հեռանալ իրենց աթոռներէն։

Հին-նոր շահարկումը ժողովուրդի նիւթն է, ժողովուրդի խօսքը, ժողովուրդի փափաքը ու հեռուն երթալով մինչեւ անգամ ժողովուրդի «պողպատեայ կամքը»։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, արդէն իսկ իմ ընթերցողներուն համար յստակ կը դառնայ, որ այսքան բարդ դրութեան մը մէջ, ո՛ր իշխանաւորը, ո՛ր «հերոս»ը, ո՛ր պետական «ջինովնիկ»ը (պետական պաշտօնեան) պիտի կարենայ ուղիղ ու ձիգ կանգնիլ, անցնիլ գրասեղանի ետին ու Հայաստանի հարցերը դիտել ո՛չ թէ Երեւանի նեղ ընկալումներով, այլեւ՝ Կովկասի, նաեւ շրջանային մեծ պրիսմակին մէջէն նայելով։

Մինչ այդ, Հայաստանի այսօրուան հասարակութեան համար գերակշռող խնդիրը, որ նեխած ուրուականի թեւերով կը պտտի ամէնուրեք, «նախկին» անունով ներկայացուած եւ քաղաքական բոլորովին տարբեր մօտեցում ունեցող գործիչներուն «հաշիւ»ը մաքրել եւ զանոնք ընդհանուր պատկերէն դուրս նետելու ուրուականն է։ Հայաստանի քաղաքացին այսօր ատով կ՚ապրի, ատով կը շնչէ ու մօտիկ անցեալին ան յանուն այդ թեզին քուէարկեց։ Եթէ այս բոլորը ի մտի ունենանք, ապա պիտի տեսնենք, որ Հայաստանի ժողովուրդին համար արտաքին քաղաքականութիւն կոչուած «գաղափար»ը կամ դրոյթը առհասարակ անիմաստ է։

Ուրկէ՞ կը սկսի Հայաստանի պարզ քաղաքացիին կեանքը, ուրկէ՞ կ՚անցնին անոր ապրումները՝ մանաւանդ, վերջին տապալումէն ետք, ի՞նչ հունով ու ի՞նչ իմաստներով կը շարունակէ ան իր ապրումն ու կեանքը։

Ես չէ, որ պիտի պատասխանեմ այս հարցումներուն, սակայն արդէն իսկ յստակ է, թէ այս համընդհանուր ընկճախտի պատկերաւոր փուլը կամաց-կամաց դարձած է ամէնօրեայ ապրում, որուն առջեւէն կ՚ուզեն հեռանալ ու խոյս տալ բոլոր անոնք, որոնք կ՚ապրին եւ կ՚ուզեն ապրիլ իրենց այսօրը, վաղուան օրը նետելով անորոշութեան մեծ վիհին մէջ։

Ամէն պարագայի, այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք անպայման պիտի նկատենք, որ Փաշինեանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը՝ նոր չէ որ անդէմ է, անգիծ է ու առհասարակ կը գործէ իր նժարին վրայ նետելով առօրէական հոգերն ու խնդիրները։

Այս բոլորէն անդին կայ աւելի քան մեծ ստայօդութիւն մը, որ այսօր կերպով մը իր գսակները Հայաստանի պէտքերուն համար բացած Եւրոպական մայրցամաքը ունի լուրջ ընկալումներ, քաղաքական շահեր ու ազդեցութիւն ունենալու լծակներ՝ մանաւանդ այս տարածքին մէջ, որ կը կոչուի Հարաւային Կովկաս եւ որուն կարեւոր մէկ մասնիկը՝ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ վիրաւոր։

Բաց աստի, Փաշինեանի կողմէ իր իշխանութեան առաջին օրերէն եւ մինչեւ վերջերս նկատելի դարձած Փարիզի հանդէպ «սեմփաթի»ն չէ վրիպած ռուսական մամուլի կարեւոր ներկայացուցիչներէն՝ «Ռեկնում»ի աչքէն։ Իբր այդ, իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ «Հայաստանը նոր գլխաւոր դաշնակից կը փնտռէ. Փաշինեան յոյսը դրած է Ֆրանսայի վրայ» յօդուածէն հատուած մը, որ վերջերս լոյս տեսաւ Հայաստանի մամուլին մէջ։ Ստորեւ սոյն յօդուածի հատուածը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածուած։

*

Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութիւնները միատեղ երկու եւրոպական մայրաքաղաք՝ Փարիզ եւ Պրիւքսել, զանազան արձագանգներ յառաջացուցած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու վերլուծաբաններու մօտ, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին Անդրկովկասի իրադարձութիւններու զարգացման: Կատարուած եզրակացութիւնները բաւական տարբեր են, սակայն ունին մէկ ընդհանրական գիծ, որ Փաշինեանի Եւրոպայի մէջ յայտնուիլը կապուած է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի բուռն գործընթացներով։ Երկիրը ծանր օրեր կ՚ապրի. հանրութիւնն ու քաղաքական ուժերը կը փորձեն իմաստաւորել այն, ինչ երկրին մէջ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարէն ետք։ Անցեալ ամիսներուն Երեւանի մէջ զանգուածային բողոքի հաւաքներ կ՚ըլլային՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ՝ տարածքային կորուստներու յանգեցուցած համաձայնագիրի պատճառով Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով: Բարդ գործընթացներ կ՚ընթանային նաեւ ընդդիմադիր ճամբարին մէջ։ Ընդ որում, մինչեւ վերջերս որեւէ քաղաքական ուժ Հայաստանի մէջ հանդէս չէր եկած նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան դէմ եւ Լեռնային Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրս ելլելու կողմ: Սակայն Սիւնիքի սահմանային ճգնաժամէն ետք, նոր կարեւոր նրբութիւններ ի յայտ եկած են:

Հայաստանը քննադատական ընդունած է Մոսկուայի արձագանգը, որ ուղղուած էր Հայաստանին՝ օգնութեան համար ՀԱՊԿ-ին դիմելուն, մինչդեռ այս ուղղութեամբ զգալի աշխուժացած է Ֆրանսան, որ ԵԱՀԿ- Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մէկն է: Տեղեկութիւններ յայտնուած են, որ Ֆրանսան կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել Երեւանին՝ հարցը ՀԱՊԿ-ի տիրոյթէն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ տեղափոխելու համար: Իր հերթին, Փաշինեան առաջարկած է Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէն դիտորդներ տեղակայել հայ-ատրպէյճանական սահմանի այն հատուածին, ուր կը պահպանուի «լարուած մթնոլորտ»: Խօսք սկսած է այն մասին, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան կարգադրութեամբ՝ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են այցելել Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան՝ նպատակ ունենալով յստակեցնել յետպատերազմեան ժամանակամիջոցի գործողութիւններու ծրագիրները: Դէպքերու այսպիսի զարգացումը առարկայականօրէն Հայաստանի մէջ դիմակայող կուսակացութիւնները բաժնած է երկու ճակատի՝ ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ: Եւ այս շրջածիրէն ներս Փաշինեանի այցերը Փարիզ եւ Պրիւքսել տրամաբանական կը թուին:

Ի դէպ, թրքական «Հապէրթիւրք»ի գնահատումով՝ «չնայած Փաշինեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք որոշ կտրուկ յայտարարութիւներ կ՚ընեն, անոնք իրականութեան մէջ կը ցանկան պահպանել Պաքուի հետ երկխօսութեան հիմքը՝ անոր տալով «սահմանային տարածաչափութիւն», ինչ որ ներառուած չէ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ՝ մանաւանդ, որ Ռուսաստանը Պաքուին եւ Երեւանին առաջարկած է յանձնաժողով ստեղծել»: Իսկ աւելի լայն շրջածիրէ ներս, հայկական «Ժամը» թերթի գնահատումով՝ «Փաշինեան կը փորձէ խնդիրը ընդելուզել հիմնարար հակամարտութեան, որ կը սահմանէ վերջին երկու տասնամեակի միջազգային քաղաքականութիւնը՝ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տարաձայնութիւններու սրումը, որու յետցնցումները կը զգացուին նաեւ մեր տարածքաշրջանէն ներս»:

Իսկ եթէ վերադառնանք Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի բանակցութիւններուն, որոնց մանրամասնութիւնները անյայտ մնացած են, ապա հանրային տիրոյթի մէջ ամէն ինչ անցաւ առանց արձագանգներու:

«Ֆրանսան կը պահանջէ Ատրպէյճանի զօրքերու դուրս ելլելը Հայաստանի հետ սահմանամերձ հատուածներէն: Ֆրանսան համերաշխ է Հայաստանի հետ եւ կ՚աջակցի անոր», ըսած է Մաքրոն՝ վերահաստատելով այն, ինչ որ նախապէս ալ ըսած էր: Բայց միթէ՞ Փաշինեան անոր համար գացած էր Փարիզ: Ան ի՞նչ ցոյց կրնայ տալ իր ընտրազանգուածին թէկուզ միայն Ատրպէյճանի հետ իրավիճակի կարգաւորման ծրագրի իրագործման մասով: Յատկապէս որ Երեւանի մէջ այն կարծիքին են, թէ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու յստակեցումը միջազգային ուժերու հովանիի ներքոյ կրնայ սկսիլ միայն այն ատեն, երբ Երեւանն ու Պաքուն ետ քաշեն զօրքերը դէպի ելման դիրքեր: Ատրպէյճան Փաշինեանի գաղափարներուն չ՚արձագանգեր եւ աջակցութիւն կը յայտնէ ռուսական կողմին՝ Հայաստանի հետ սահմանազատում կայացնելու առաջարկին, սակայն միեւնոյն ժամանակ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու սկզբունքով: Իսկ Մոսկուա կը սպասէ, թէ ե՛րբ կը պայմանաւորուին երկու մայրաքաղաքները:

Ըստ նախանշաններուն՝ Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրական քարոզարշաւը ունի Փաշինեանի եւ Քոչարեանի միջեւ աշխարհաքաղաքական դիմակայութեան նկատելի նրբերանգներ: Առաջինը տարբերակներ կը փնտռէ ինչ-որ մէկու միջոցով Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դիրքերը հաւասարակշռելու համար: Արդեօք կը յաջողի՞։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 19, 2021