ԱՊԱՒԻՆԻԼ ՆԵՐՈՒԺԻՆ

Երեւանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը այսօր հարցազրոյց մը հրատարակած է Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Հրայր Ճէպէճեանի հետ։ Այս առթիւ ան կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլորը ապաւինին հայութեան համահաւաք ներուժին։

Հրայր Ճէպէճեան, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 175-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն առթիւ Երեւան այցելած է, հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ յուսահատութիւն ըսուածը յարիր չէ հայուն։

Տեսակցութեան ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան անդրադարձած է իր հեղինակած գիրքերուն, որոնց բովանդակութեան լոյսին տակ բաժնած է իր դիտարկումները հայ իրականութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022