ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը գտնուի Թեհրանի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ կարեւոր գագաթաժողովներ։ Էրտողան այս առաւօտ ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ, իսկ օրուան տեւողութեան կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նոյնպէս օրուան տեւողութեան նախատեսուած է նաեւ Ռաիսի-Փութին հանդիպումը։ Բայց եւ այնպէս, գագաթնային տեսակցութիւնները միայն երկկողմանի հարթութեան վրայ չեն։ Արդարեւ, միջազգային վառ հետաքրքրութեան պայմաններու ներքեւ, Թեհրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Էրտողան-Ռաիսի-Փութին եռակողմանի հանդիպումը, որու ընթացքին հերթական անգամ կը շօշափուի Սուրիոյ տագնապը՝ Աստանայի ձեւաչափին մէջ։

Այս առաւօտեան առանձնազրոյցէն վերջ Էրտողան եւ Ռաիսի գլխաւորեցին Թուրքիա-Իրան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որ եօթներորդն էր իր տեսակին մէջ։ Պատկան նախարարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, որոնց տեւողութեան շօշափուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային ու համաշխարհային բնոյթով հրատապ նիւթերու շուրջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Ռաիսի-Փութին գագաթաժողովն ալ առիթ կը հանդիսանայ Սուրիոյ արդի իրադարձութիւնները աչքէ անցընելու։ Սա արդէն այս ձեւաչափով եօթներորդ հանդիպումն է։ Թուրքիա-Իրան-Ռուսաստան առանցքին վրայ կը քննարկուին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման ուղղեալ ջանքերը, մարդասիրական կացութիւնը եւ սուրիացիներու կամաւոր ձեւով վերադարձի խնդիրները։ Ղեկավարները նկատի կ՚առնեն նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը՝ մանաւանդ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ն եւ ԻՇԻՊ-ը, ինչ որ կը սպառնայ տարածաշրջանային անվտանգութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022