ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը մտադիր է կրկնապատկել Ատրպէյճանէն բնական կազի մատակարարումները։ ԵՄ այս շրջանին նոր ռազմավարութեան մը կը հետեւի ուժանիւթի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած։ Այժմու որոնումներու մթնոլորտին մէջ եւրոպական կողմը լուրջ այլընտրանք մը համարել սկսած է Ատրպէյճանը։ Այս առումով երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հիւրընկալեց Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը, որու հետ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ստորագրեց պայմանագիր մը, որ կը վերաբերի ուժանիւթի ոլորտէ ներս ռազմավարական համագործակցութեան։ Այսպէսով Հարաւային կազի միջանցքի տարողութիւնը պիտի կրկնապատկուի։

Ֆոն տէր Լէյէն Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ այս փաստաթուղթը ԵՄ-ին պիտի ապահովէ կայուն ու վստահելի կազի մատակարարում։ Այս երաշխիքին առընթեր, պիտի ամրապնդուի ուժանիթի ոլորտէ ներս երկարաժամկէտ գործընկերութիւն։ Պայմանագիրը նոր էջ մը կը բանայ ԵՄ-Ատրպէյճան ուժանիւթի համագործակցութեան մէջ՝ մինչ Պրիւքսել կը ձգտի հեռանալ Ռուսաստանէն։

Իր կարգին, Ալիեւն ալ ընդգծեց, որ ուժանիւթի անվտանգութիւնը կարեւոր է աւելի քան երբեք։ «Անշուշտ, մեծ արժէք կը ներկայացնէ ԵՄ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս երկարաժամկէտ, կանխատեսելի եւ շատ վստահելի համագործակցութիւնը», ըսաւ ան։

Այս նոր փաստաթուղթը պիտի բարձրացնէ նաեւ Թուրքիոյ ռազմավարական նշանակութիւնը՝ որպէս տարանցիկ երկիր։

Միւս կողմէ, Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ՝ Պրիւքսելի մէջ, ուր կը գտնուի պաշտօնական այցելութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022