ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԻՇՈՒՍԹԻՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց երկկողմանի առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ շարք մը հարցերու արագ յաղթահարման նպատակով Միշուսթինի կատարած հրատապ միջամտութիւններուն համար։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետները կարծիքներ փոխանակեցին ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական խորհուրդի՝ յաջորդ ամիս Խրղըզիստանի մէջ նախատեսուած նիստի օրակարգին շուրջ։

Այս հեռախօսազրոյցին զուգահեռ՝ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ տարածաշրջանային գործընթացներուն։

Նարիշքին Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արմէն Աբազեանի կողմէ։ Քննարկուեցան հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակման վերաբերեալ հարցեր։

Սերկէյ Նարիշքին Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Ռուսաստան ունի բաւականաչափ ուժ եւ պաշար՝ դժուարին պահերուն դաշնակիցները պաշտպանելու համար։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս համարկման գործընթացները կայունութեան ամուր երաշխիք կը համարուին։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ նոյնաժամանակ շփումներ ունեցան Սերկէյ Նարիշքին եւ CIA-ի ղեկավար Ուիլիըմ Պէօրնս։ Կարգ մը աղբիւրներ պնդեցին, որ անոնք գաղտնի բանակցութիւններ ունեցած են Երեւանի մէջ։ Նարիշքին երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Պէօրնսի Հայաստան այցը կրնայ նաեւ կապուած ըլլալ իր այցին հետ, սակայն իր Երեւան այցը որեւէ կապ չունի անոր հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022