«Լաւաշի Փառատօն»՝ Խոր Վիրապի Մէջ

Խոր Վի­րա­պի մէջ Օ­գոս­տոս 23-ին պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի «Լա­ւա­շի փա­ռա­տօն», ո­րու ըն­թաց­քին՝ հաց­թուխ­նե­րը պի­տի ցու­ցադ­րեն լա­ւա­շի պատ­րաստ­ման ըն­թաց­քը, պի­տի սոր­վեց­նեն թխման ճիշդ ձեւը, պի­տի կազ­մա­կեր­պուի լա­ւա­շի եւ ա­ւան­դա­կան հաց ու պա­նի­րի, ինչ­պէս նաեւ ժեն­գեա­լով հա­ցի  հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Փա­ռա­տօ­նը կազ­մա­կեր­պող ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յայտ­նած է, որ նման փա­ռա­տօն մը Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի երկ­րորդ ան­գամ, ա­ռա­ջի­նը ե­ղած է Կիւմ­րիի մէջ, բայց ոչ նման ձե­ւա­չա­փով: Ըստ կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին՝ մաս­նակ­ցու­թեան յայտ  ներ­կա­յա­ցու­ցած են շարք մը զբօ­սաշր­ջա­յին ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ ի­րենց օ­տա­րերկ­րեայ՝ օ­տա­րերկ­րա­ցի կամ հայ զբօ­սաշր­ջիկ յա­ճա­խորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, նաեւ Հայաստանի քա­ղա­քա­ցի­ներ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015