Պոսթընի Մէջ Հայ Խոհարարը ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ Է «խոհանոցի Արքայ»

Պոս­թը­նի մէջ գրե­թէ բո­լո­րը գի­տեն՝ ե­թէ տան մէջ խրախ­ճանք կազ­մա­կեր­պեն եւ ու­զեն հիւ­րե­րը զար­մաց­նել տնա­կան հա­մեղ ու­տեստ­նե­րով, ա­պա պէտք է դի­մեն ա­մե­րի­կա­հայ Նա­թան Կի­բա­րեա­նին: Զինք ա­նուա­նած են «խո­հա­նո­ցի ար­քայ» եւ կը զար­մա­նան, թէ ինչ­պէս ան կրնայ ա­մե­նա­պարզ մթեր­քէն իւ­րա­յա­տուկ ճա­շա­տե­սակ­ներ պատ­րաս­տել:

 23-ա­մեայ Նա­թա­նի ման­կու­թիւ­նը ան­ցած է խո­հա­նո­ցի մէջ, ան հե­տե­ւած է, թէ ինչ­պէս իր մայ­րիկն ու մեծմայրիկը ու­տեստ­ներ կը պատ­րաս­տեն, ա­ւան­դա­կան խմորեղէն­ներ: Այժմ ար­դէն Նա­թա­նին կը հե­տե­ւի ողջ քա­ղա­քը, տե­ղա­կան հե­ռուա­տե­սի­լով ան յա­ճախ ու­տեստ­ներ պատ­րաս­տե­լու վե­րա­բե­րեալ խոր­հուրդ­ներ կու տայ եւ ուղ­ղու­թիւն ցոյց կու տայ՝ ինչ­պէ՛ս պատ­րաս­տել դդմաճը կամ ինչ­պէ՛ս պատ­րաս­տել խմո­րե­ղէն: «Մեր ըն­տա­նի­քի մէջ սո­վո­րոյթ էր ե­րե­կո­յեան միա­սին ընթ­րել եւ համ­տե­սել մեծմայրիկիս ու մայ­րի­կիս պատ­րաս­տած ու­տեստ­նե­րը: Ըն­տա­նի­քիս հա­մար բնա­կան էր սնա­նիլ տու­նը պատ­րաս­տուած ու­տեստ­նե­րով, ին­չ որ այդ­քան ալ տա­րա­ծուած չէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այդ է պատ­ճա­ռը, որ կը պատ­րաս­տեմ այն­պի­սի ու­տեստ­ներ, որոնք տու­նը պատ­րաս­տուա­ծէն չի տար­բե­րիր», ը­սած է Նա­թա­ն՝ ա­ւելց­նե­լով, որ նա­խա­սի­րու­թեան զու­գա­հեռ նաեւ յա­ճա­խած է դա­սըն­թաց­նե­րու եւ այ­սօր քա­ղա­քի ա­մե­նաե­րի­տա­սարդ շէֆ-խո­հա­րար­նե­րէն մէկն է:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015