Ռումանիոյ Մէջ մատրան օծում

Ռու­մա­նիոյ Պո­թո­շան քա­ղա­քին մէջ Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Ե­պսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ օ­ծուած է քա­ղա­քի հայ­կա­կան հնա­մեայ գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Ա­ւետ­ման մա­տու­ռը, որ նո­րո­գուած էր հայ բա­րե­րարուհի Է­մա­նուե­լա Քո­քոթա Ֆեր­հատեան Կոյ­լա­ւի օ­ժան­դա­կու­թեամբ:  Ըստ Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի մա­մլոյ ծա­ռա­յու­թե­ան, մա­տրան օծ­ման կար­գէն ետք՝ Սրբա­զան Հայ­րը Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցած է նո­րաօծ սրբավայրին մէջ: Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին Սրբա­զան Հայ­րը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նած է բարերարուհիին, որ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ գործ կա­տա­րեց՝ վե­րա­նո­րո­գե­լով Աստու­ծոյ տա­ճա­րը: Իբ­րեւ  ե­րախ­տա­գի­տու­թեան նշան՝ Տ. Տա­թեւ Սրբա­զա­ն օրհ­նու­թեան գիր մը յանձ­նած է Է­մա­նուէ­լա Քո­քո­թա­յին:

Պո­թո­շան քա­ղա­քին մէջ սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղած են Ռու­մա­նիոյ հա­յոց միու­թեան նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան, Հայաստանի դես­պան Համ­լէթ Գաս­պա­րեան, Ռու­մա­նիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր Վա­րու­ժան Փամ­պուքճեան, ինչ­պէս նաեւ հա­րիւ­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ Պուքրէշէն, Փի­թեշ­տէն, Սու­չա­ւա­յէն եւ Ֆոքշա­նէն:

Յաւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, ձե­ռամբ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դին, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ օրհ­նուած է մա­տա­ղը ու բաժ­նուած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015