ԲԵՐԿՐԱՌԱՏ ՏՕՆ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Ս. Աստուածածնի տաղաւարը։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայ քրիստոնեայ հաւատացեալները հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան աւանդական խաղողօրհնէքի առթիւ։ Բերկրառատ տօնին օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։ Յաւարտ արարողութեան՝ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ գլխաւորուած թափօրը առաջնորդուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Տրդատի բաց խորանը, ուր տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որու աւարտին հաւատացեալներուն բաժնուեցան օրհնուած ողկոյզները։

Թրքահայ համայնքն ալ տաղաւարի առթիւ ապրեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ մեկնած էր Վաքըֆլըգիւղ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին կը կատարուի Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Այս տարի եւս գիւղին մէջ արտասովոր վիճակ ստեղծուեցաւ։ Եկեղեցական արարողութիւններուն առընթեր տեղի ունեցաւ մեծ խրախճանք մը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան օրհնեց նաեւ աւանդական հարիսայի կաթսաները։ Եկեղեցական տօնակատարութիւններուն եւ խաղողօրհնէքին առընթեր, ժողովուրդին բաժնուեցաւ աւանդական հարիսան։ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքին մասնակցութիւն բերին նաեւ երկու յայտնի մեներգիչներ՝ Պարթեւ Կարեան եւ Մարթէն Եորկանց, որոնց նուագները բազմապատկեցին ժողովուրդին ոգեւորութիւնը։

Իսթանպուլի մէջ ալ Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւնները անցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր մանաւանդ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Նկատի ունենալով, որ ամրան արձակուրդի շրջանին մեր համայնքի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կը գտնուի կղզիի վրայ՝ Գնալըի եկեղեցւոյ տարողութիւնն ալ արդէն անբաւարար էր հիւրընկալելու համար այն հաւատացեալները, որոնք փափաքած էին տաղաւարի օրով փութալ պաշտամունքի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց առընթերակայութեամբ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Օրուան քարոզին մէջ նորին սրբազնութիւնը հերթական անգամ պատգամներ տուաւ համայնքէ ներս միասնականութեան ու համերաշխութեան անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ։ Ս. Պատարագէն վերջ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր անդաստան եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի մեծահանդէս արարողութիւն։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը հետեւեցաւ տօնակատարութիւններու բոլոր փուլերուն։ Արարողութեան աւարտին ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդը հաւատացեալներուն բաժնեց խաղողի տուփեր, որոնք պատրաստուած էին նախապէս։

Բնականաբար տաղաւարի խանդավառութենէն անմասն չէր նաեւ յարակից Կազդուրման կայանը։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրը դարձեալ բացած էր իր դռները եւ կղզեբնակ մեր ժողովուրդը այնտեղ համախմբուեցաւ եւ իրարու հետ բաժնեց տաղաւարի հրճուանքը։ Կազդուրման կայանի ի նպաստ քէրմէս մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ նախաձեռնութեամբ տիկնանց կազմին։ Համակրելի երգիչ Ալեքս Թաթարեանն ալ մթնոլորտը ոգեւորեց իր կատարումներով, մինչ իրեն ընկերացաւ երիտասարդ երաժիշտ Երազ Չաղլաեան։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատուեց Կազդուրման կայանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը, ինչ որ բոլորին համար եղաւ խրախուսական։ Նորին սրբազնութիւնը շրջեցաւ տաղաւարներով, օրհնեց տիկնանց կազմին կողմէ կատարուած աշխատանքը եւ արտայայտեց իր հայրական գնահատանքը։ Իրեն ուղեկցեցան Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները։ Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը ի յիշատակ տաղաւարի օրուան ու այս քէրմէսին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին նուիրեց արծաթէ առարկայ մը, որու վրայ բանուած էին Տէրունական աղօթքին խօսքերը։

Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ հայրական ջերմ հետաքրքրութեան առարկայ դարձուց եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցած եւ եկեղեցւոյ կամ Կազդուրման կայանի շրջափակին մէջ տաղաւարի առթիւ համախմբուած մայրերը։ Ան այս առթիւ խաչ մըն ալ նուիրեց արարողութիւններուն մասնակից երիցագոյն մայրիկին։ Նորին սրբազնութիւնը այդ խաչը յանձնեց յանուն բոլոր մայրերուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019