ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ, ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ

Հայաստանի մէջ 20 օգոստոսին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի հիման վրայ ձեւաւորուած կառավարութեան վերջին անդամն ալ յայտնի դարձաւ այս առաւօտ։ Այսպէս, Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին հիման վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արարատ Միրզոյեան նախորդ՝ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահն էր։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը երկար ժամանակէ ի վեր թափուր էր։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ծանր իրավիճակի մէջ այդ պաշտօնը ստանձնած Արա Այվազեան հրաժարած էր, գրեթէ բոլոր փոխ-նախարարներով հանդերձ։ Հայկական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը գրեթէ անգլուխ մնացած էր, մինչ ստեղծուած իրավիճակին համար որպէս միջանկեալ լուծում՝ ժամանակաւոր պաշտօնատար նշանակուած էր Արմէն Գրիգորեան, որ նախապէս անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն էր։ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի պաշտօնի ձեռնարկելուն զուգահեռ՝ Փաշինեանի գլխաւորած նոր կառավարութեան բոլոր անդամները արդէն նշանակուած էին, բացառութեամբ արտաքին գործոց նախարարին։ Լրատուամիջոցները թէեւ շատ հաւանական կը նկատէին Արմէն Գրիգորեանի նախարար նշանակուիլը, սակայն երբ համապատասխան կարգադրութիւնը յապաղեցաւ ու տեղի չունեցաւ, արդէն սպասումը նոր հարթութեան մը վրայ եկաւ։ Պահ մը որպէս նախարարի թեկնածու շրջանառութեան մէջ մտաւ նաեւ այժմու փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի անունը, սակայն այդ կանխատեսումներն ալ չարդարացան։

Ի վերջոյ, այս առաւօտ յայտնի դարձաւ կառավարութեան վերջին թափուր աթոռին տիրոջ անունը։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուեցաւ Արարատ Միրզոյեանին, որ 2018-ի իշխանափոխութեան շրջանին Նիկոլ Փաշինեանի կողքի դէմքերէն մին էր եւ իշխանափոխութենէն վերջ ալ եղած էր նոր վարչապետի լծակիցներէն մին, դառնալով նոր իշխանութեան յառաջատար դէմքերէն մին։

Միւս կողմէ, Երեւանի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ նոր արտաքին գործոց նախարարի նշանակումէն վերջ, ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեան վերահաստատուած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021