ԹԱՐՄ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի՝ վերջնական տեսքի բերելու համար իր գործունէութեան ծրագիրը, որ յառաջիկային խորհրդարանի հաւանութեան պիտի ներկայացուի։ Ըստ երկրի Սահմանադրութեան, կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ քսան օրուայ ընթացքին ծրագիրը պէտք է ներկայացուի խորհրդարանի հաստատման։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ այժմ ծրագիրը կառավարութեան ժողովին ժամանակ պէտք է ընդունուի, որպէսզի յաջորդ շաբթուայ սկիզբին խորհրդարանէն ներս պէտք է տեղի ունենայ համապատասխան քննարկում։ Ըստ Փաշինեանի, ծրագիրը բաղկացած է վեց գլխաւոր բաժինէ։

Նիկոլ Փաշինեան ծրագրի անվտանգութեան առանցքը ներկայացնելու ժամանակ շեշտը դրաւ բարեփոխեալ բանակի եւ աշխոյժ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ զարգացող եւ հարկունակ տնտեսութեան շնորհիւ պիտի գոյանան այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման համար։ Այդ միջոցները կրնան ապահովուիլ միայն ներառական տնտեսութեան շնորհիւ։

Նոր կառավարութեան ծրագրի անդրադառնալու ժամանակ վարչապետը վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման համար բանակցութիւններու սկսելու նպատակով։ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մին կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը եւ կառավարումը։ Փաշինեան վերյիշեց 18 նոյեմբեր 2020 թուականին իր կողմէ հրապարակուած ճանապարհային քարտէսը, որով Լեռնային Ղարաբաղին ուղղակի առընչակից երկու կէտ նախատեսուած էր։ Այդ կէտերէն մին էր Արցախէ ներս բնականոն կեանքի հնարաւորինս վերականգնումը։ Միւս կէտն էր բանակցային գործընթացի լիարժէք վերականգնումը՝ հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դիրքորոշումները, որոնք արտայայտուած էին հրադադարի յայտարարութենէն վերջ։ «Յստակ կ՚արձանագրուի, որ մենք կ՚ընթանանք դէպի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցային գործընթացի լիարժէք վերականգնումը։ Հայաստան քանի մը անգամ արդէն յայտարարած է, որ կ՚ողջունէ համանախագահներու այդ մտադրութիւնը։ Հայաստան պատրաստ է բարձրագոյն մակարդակով ներգրաւուիլ բանակցային գործընթացին», յայտնեց վարչապետը։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման հետամուտ եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերականգնման բերումով։ Այդ աշխատանքային խումբը ստեղծուած էր 11 յունուար 2021 թուականին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ։

Փաշինեան երէկ կանգ առաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքներուն վրայ։ Իր խօսքով՝ այս հարցին մէջ Երեւան քանի մը անգամ արտայայտած է իր դիրքորոշումը, որ կը մնայ անփոփոխ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս բոլոր ուղղութիւններով կարելի կ՚ըլլայ յառաջ շարժիլ։

Կառավարութեան ժողովի ընթացքին վարչապետը ընդգծեց, որ Արցախէ ներս բնականոն կեանքի վերականգնման նպատակով բաւական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած են։ Այս ընթացքին Արցախէ ներս իրականացուած ծրագրերու փոխարժէքը կը հասնի 70 միլիառ հայկական դրամի։ Նոր նախագիծերն ալ ընթացքի մէջ են։

Այլ խնդիրներու անդրադառնալով Փաշինեան մատնանշեց, որ կառավարութիւնը բաց է սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նիւթը քննարկելու ամենատարբեր շրջանակներու հետ։

Խօսելով երկրի ժողովրդագրական խնդիրներուն շուրջ՝ վարչապետը դիտել տուաւ, որ երկրէ ներս այս առումով յառաջընթաց կը նկատէ։

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Խրղըզիստան, ուր իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021