ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԵՐԿՐԻ ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ փակ քննարկում մը տեղի ունեցաւ երկրի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ ստեղծուած առկայ իրավիճակին շուրջ։ Այս քննարկումներուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։ Խորհրդարանի փակ քննարկումէն վերջ ան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Բարձրաստիճան հրամանատարը մամուլին յայտարարեց, որ երկրի սահմանները Հայաստանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ են։ Ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ խորհրդարանի երէկուան փակ հանդիպման ժամանակ քննարկուած հարցերը վերաբերած են երկրի արեւելեան սահմանագօտիին, ինչպէս նաեւ Երասխ-Սետերեք ուղղութեան վրայ ստեղծուած մարտավարական իրադրութեան վերաբերեալ։ Զօրավարը ըսաւ. «Ես խմբակցութիւններու անդամներուն ներկայացուցի՝ ինչպիսի իրադրութիւն ստեղծուած է եւ ներկայ դրութեամբ ինչպիսին է այդ մէկը։ Կրնամ փաստել, որ գործնական-մարտավարական իրադրութեան մէջ զինեալ ուժերը կանգնած են իրենց դիրքերուն մէջ, հակառակորդի շարք մը սադրիչ գործողութիւններուն արժանի պատասխան կու տան։ Եթէ մեր հանրութեան շրջանակին մէջ կը տարածուին տեղեկութիւններ, թէ մենք կ՚ունենանք կորուստներ, իսկ հակառակորդը անկորուստ է, ապա պէտք է ըսեմ, որ սա այդպէս չէ։ Իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հակառակորդը նոյնպէս ունի կորուստներ մարդկային, ինչպէս անվերադարձ, այնպէս ալ առողջապահական կորուստներ։ Մենք կը վերահսկենք մեր սահմանները եւ զինեալ ուժերուն, մեր բանակին առաջադրուած այդ խնդիրը մենք պիտի կատարենք պատուով»։ 

Մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ բարձրաստիճան զինուորականը անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահը կրնայ յայտարարել՝ ինչ որ կամենայ, բայց այդ յայտարարութիւնները իրականութեան հետ որեւէ կապ չունին։ Լրագրողներ մասնաւորապէս իր կարծիքը շօշափեցին Ալիեւի կողմէ՝ Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի եւ Հայաստանի այլ տարածքներու վերաբերեալ արտայայտուած յաւակնութիւններուն շուրջ։ Զօրավար Ասրեան ըսաւ.

«Խեղաթիւրուած պատմութիւն է, տեղեկատուութիւն է, որ մեզի համար հիմք չի հանդիսանար։ Իր յայտարարութիւնները աւելի կը բարձրացնեն մեր զգօնութիւնը։ Մենք իր քաղաքական յայտարարութեան ներքեւ մեր դիրքերուն մէջ, մեր սահմաններուն վրայ պատրաստ ենք ետ մղելու անոր կողմէ կազմակերպուած որեւէ սադրիչ գործողութիւն»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021