ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին երկկողմանի եւ տարածքաշրջանի անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան նաեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու։ Աքար եւ Հասանով ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը։ Հուլուսի Աքար դիտել տուաւ, որ Թուրքիա միշտ եղբայրական Ատրպէյճանի կողքին դիրք պիտի գրաւէ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները նշած են, որ վերջին շրջանին Հայաստան Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ սադրանքներ եւ յարձակումներ կը կատարէ։

Զաքիր Հասանով Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ «IDEF-2021» պաշտպանական արդիւնաբերութեան միջազգային 15-րդ տօնավաճառին, որ Թուրքիոյ կողմէ միջազգային բեմահարթակի վրայ այդ ոլորտին առընչութեամբ ուժի ցոյց մը կը համարուի եւ որու բացումը երէկ կատարուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Բացի Հուլուսի Աքարէն, Զաքիր Հասանով Իսթանպուլի մէջ տեսակցեցաւ պաշտպանական արդիւնաբերական ոլորտի պատասխանատու զանազան բարձրաստիճան դիւանակալներու եւ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021