ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի անպայման պատուաստուին քորոնաժահրի դէմ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը մարդկութեան ուղղեալ կոչին մէջ շեշտեց, որ միայն պատուաստումը վերջ կրնայ տալ համաճարակին։

«Եղբայրութեան ոգիով եւ պայծառ ապագայի յոյսով կը նայիմ ձեզի։ Փառք Աստուծոյ շնորհիւ մեծ թիւով մարդոց աշխատանքին մենք հիմա ունինք պատուաստներ, որոնք կը պաշտպանեն քորոնաժահրէն։ Պատուաստները կրնան համաճարակին վերջ տալ, սակայն ասոր համար բոլորս պէտք է պատուաստուինք։ Համավարակը պիտի յաղթահարուի միայն այն պարագային, երբ պատուաստը հասանելի ըլլայ բոլորին, ներառեալ՝ աղքատ պետութիւններու բնակիչներուն։ Պատուաստուիլը սիրոյ արտայայտութիւն է. սէր առ բարեկամ եւ ազգական, որովհետեւ պատուաստը կը պաշտպանէ եւ այդ սէրը նաեւ քաղաքական եւ ընկերային է։ Սա համամարդկային է։ Պատուաստը ժահրէն պաշտպանուելու պարզ եւ հզօր զէնքն է», նշեց Սրբազան Պապը՝ թշուառ երկիրներ պատ-ւաստանիւթ ուղարկող միջազգային զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած համաժողովին ուղղած պատգամին մէջ։

Սրբազան Պապը համոզուած է, թէ աշխարհի վրայ պատուաստանիւթի դէմ անվստահութիւն մը առկայ է եւ այս երեւոյթին հետեւանքով շատեր կը հրաժարին ներարկումէ ու կը վարակուին քորոնաժահրի «տելթա» տարբերակով, որ շատ արագ կը տարածուի։

Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը անցեալ մարտին պատուաստուած էր եւ այդ ժամանակ ըսած էր, որ սա բարոյական պարտականութիւն մը համարած է։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021