ԼՎԻՒԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ միջազգային բեմահարթակի վրայ ջանքերը կը շարունակուին խաղաղութեան հասնելու համար։ Այդ ջանքերուն մէջ առանցքային դեր կը կատարէ Թուրքիան՝ ի դէմս Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Երէկ, նախագահ Էրտողան այցելեց Ուքրայնայի Լվիւ քաղաքը, ուր հերթական բանակցութիւնները կազմակերպուած էին՝ պատերազմին տուն տուած պատճառները յաղթահարելու եւ խաղաղ լուծման առջեւ ճանապարհ հարթելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, Լվիւի մէջ Էրտողան եռակողմանի գագաթաժողովի մը մասնակցեցաւ՝ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Նախագահ Էրտողան Լվիւի մէջ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ նախագահ Զելենսքիի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին Էրտողանի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմեցին շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ. օրինակ՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ այլն։

Զելենսքի Լվիւի մէջ երէկ յայտարարեց, որ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները կրնան սկսիլ, եթէ Ռուսաստան ետ քաշուի Ուքրայնայի՝ իր կողմէ վերահսկուած տարածքներէն։

Իր կարգին, Լվիւի մէջ Էրտողան յայտնեց, որ բանակցութիւններու արդիւնքները ընդհանուր արժեւորումի մը պիտի ենթարկէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022