ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ. ԴԱՐՁԵԱԼ ՑՈՅՑ ԿԸ ՏՐՈՒԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ «ԶԷՆՔԻ ՈՒԺ»Ը

Ի՞նչ զարագացումներու սպասել. արդեօք Մերձաւոր Արեւելքի պայթուցիկ մեծ տակառը ամբողջապէս կրնա՞յ պայթիլ։

Այս հարցադրումը վերջին օրերուն հիմնական օրակարգի կը վերածուէր, երբ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան ծիրին մէջ տեղի կ՚ունենային զարգացումներ։ Խնդիրը միայն Կազզէի մասին չէր, այլ նաեւ Թել Աւիւի, որովհետեւ Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտի մօտ կար ընդհանրական միտում մը՝ կիսով չափ «քաոթիք» վիճակ ստեղծել ու այդ վիճակը քաղաքական միաւորի վերածել։

Միջազգային դէտեր, որոնք ուշի-ուշով կը հետեւէին զարգացումներուն, Կազզէի ու ապա Արեւմտեան Ափի գործընթացները սպասուած համարեցին։ Յստակ էր նաեւ, որ հակառակ Կազզէի դէմ ռազմական գործողութիւններու տարողութեան՝ կրակը շուտով պիտի դադրի եւ երկու փոխադարձ կողմերը՝ Իսրայէլն ու «Իսլամական ճիհատ» շարժումը այս դէպքերէն պիտի ստանան իրենց ակնկալած միաւորները։

Եաիր Լափիտ, որ ներքաղաքական առումով յայտնուած է բարդ կացութեան մէջ, այս գործողութիւններուն ճամբով պիտի կարողանա՞յ որոշ միաւորներ կուտակել, կամ աւելի հեռուն երթալով՝ ան Իսրայէլի պետութեան զէնքի ուժը ցոյց տալով պիտի հասնի՞ իր նպատակներուն, շահելով քուէները այն ծայրայեղականներուն, որոնք մինչեւ այս պահը տակաւին չեն կողմնորոշուած, թէ որո՞ւ օգտին պիտի քուէարկեն։

Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ Իսրայէլի մէջ յառաջիկայ  նոյեմբերի 1-ին տեղի ունենալիք ընտրութիւնները պիտի ըլլան բաւականին բարդ ու լարուած։ Ու աւելի քան յստակ է, որ մինչեւ այդ ընտրութիւնները մենք դարձեալ ականատես պիտի դառնանք տարբեր տրամաչափի ռազմական ցնցումներու։

ՊԱՅՔԱՐ ՄԻ ՔԱՆԻ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՎ...

Այս տողերը կը գրուին պահու մը, երբ Պաղեստինի Արեւմտեան Ափը դարձեալ կ՚եռայ։ Օրեր առաջ Իսրայէլ յատուկ գործողութիւն մը կատարեց Կազզէի ուղղութեամբ եւ թիրախ դարձուց «Իսլամական ճիհատ»ի ռազմական հրամանատարներէն երկուքը։ Եղան զոհեր ու վիրաւորներ։ Եղաւ մարդկային տագնապ, իսկ «Իսլամական ճիհատ»ի հրձիգ խմբակները հարիւրաւոր հրթիռներ տեղացուցին Իսրայէլի կարեւորագոյն քաղաքներու ուղղութեամբ։

Երկու կողմերուն համար ալ նպաստաւոր էր հրադադարի հռչակումը, իսկ Եայիր Լափիտի «լպիրշ խօսքեր»ը աւելի քան բառացուցական էին, որ Թել Աւիւ այս կացութեան մէջ կը փնտռէ մէկ բան՝ Իսրայէլի պետութեան ծայրայեղական թեւերուն եւ անոնց համակիրներուն քուէները։

Ռազմական սոյն էջը դարձնելէ ետք, դարձեալ Իսրայէլի «թեթեւ ձեռք»ով եւ այս անգամ Արեւմտեան Ափի Նապլոս քաղաքին մէջ խաղէն դուրս կը հանուէր «Ալ Աքսա» զօրամիաւորման ազդեցիկ գործիչներէն մին՝ Իպրահիմ ալ Նապուլսին։ Դէպքին հետեւանքով կը զոհուէին նաեւ անոր երկու ընկերակիցները, ստեղծելով բարդ դրութիւն մը Արեւմտեան Ափի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ։ Իբր այդ, կը սպասուի, որ լարումները շարունակուին նոր զոհերու եւ վիրաւորներու անուններ աւելցնելով Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան սեւ տոմարին։

Այս բոլորի կողքին Իսրայէլ-Լիբանան ճակատին ալ երեւելի սկսած են դառնալ մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կրնան շրջանը տանիլ ամբողջական ընդհարման։

Մինչ այդ Իսրայէլ, որ «յուսալի» բանակցութիւններ կը վարէր Լիբանանի հետ, կապուած Միջերկրականի ջուրերուն մէջ եղող կազի հանքերուն, անուղղակի ճանապարհներով Պէյրութին փոխանցած է, այս բանակցութիւնները յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք կատարելու մասին փափաք մը, որ նաեւ ձեռնտու է Լիբանանի իշխող վերնախաւին։ Նշեցի «իշխող վերնախաւ»ը, որովհետեւ բոլորիս համար անզէն աչքով ալ երեւելի է, որ Լիբանան կ՚ապրի իր արդի պատմութեան ամենէն տժգոյն օրերը եւ լիբանանցին պատրաստ է նոյնիսկ «օձին փաթթուիլ», առնուազն փրկուելու յոյսով մը իր կեանքը շարունակելու համար։

Այս բոլորի զուգահեռ, ռազմական ամէն տեսակի սպառազինութիւնը բանակի պահեստանոցներէն դուրս հանելով Լափիտ կը փորձէ հին փորձուածը, որն է բռնի ու պատերազմի ուժով քուէներ «կորզել» ու այդ կերպով ալ յառաջիկայի ընտրութիւններուն ապահովել իր յաղթանակը։ Լափիտ, որ մինչ այդ կը տառապէր ամբողջական ներուժ չունեցող կառավարական կազմով, նաեւ քաղաքական ընդդիմադիր ճակատներու քննադատութիւններուն հետեւանքով սկսած էր թոյլ զգալ, այսօր զէնքի ու արեան ճամբով կը փորձէ ինքզինք հաստատել։

Ի դէպ, նորութիւն չէ այս ձեւաչափը ու վերջին առնուազն երեսուն տարիներուն ընթացքին Իսրայէլի իրերայաջորդ կառավարութիւնները ցոյց տուած են, որ իրենց մօտ ներքաղաքական պառակտումները եւ տարակարծութիւնները կարելի է փարատել միայն ու միայն բռնի ուժի ճամբով։ Ինչ փոյթ, որ այդ բռնի ուժը հազարաւոր անմեղ պաղեստինցիներու կեանքը կը խլէ, հարիւրաւոր ընտանիքներ կը քայքայէ, նաեւ պատճառ կը դառնայ մարդկային մեծ ողբերգութիւններու։ Կարեւորը Իսրայէլի համար իր քաղաքական վերնախաւին կայունութիւնն է, որուն կարելի է հասնիլ դարձեալ եւ պարզապէս կարծրատիպ դարձած արիւնահեղութեան ճանապարհով։

Միւս կողմէ, այնքան բարենպաստ չ՚երեւիր ընդհանուր պատկերը Պաղեստինին, որուն քաղաքական խաղացողները կամ կողմերը մասամբ օտարուած են իրարմէ, նաեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առաջ կը տանի իր ուսերուն վրայ բեռցուած արտաքին օրակարգը։

Այս բոլորի վրայ կարելի է աւելցնել Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ազդեցիկ խօսքերը, ըստ որոնց իրենք՝ լիբանանցիները Կազզէի կամ Արեւմտեան Ափի մարդոց նման չեն։ Իրենք անկոտրելի են, պատրաստ են գերագոյն զոհաբերութեան, նաեւ պատրաստ են «կոտրելու Լիբանանի հարստութիւններուն վրայ աչք ունեցողներուն ձեռքերը»։ Խօսք, որ տարողունակ մտահոգութիւններու դուռ բացած է ո՛չ միայն իսրայէլացիներուն, այլ ամբողջ աշխարհին համար։ Իբր այդ, ՄԱԿ-ի անգործութեան մատնուած ընդհանուր քարտուղարը՝ Կութերէս կը խզէ իր լռութիւնը եւ կը զգուշացնէ Սէյիտ Նասրալլան։

Այսպիսին է պատկերը այսօր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Գոյութիւն ունի ընդհանրական մեծ լարում, որուն եզրագծումները դեռ չեն եղած եւ որուն հրդեհներու լափլիզող լեզուները (եթէ բոցավառի հրդեհի կայծը) կրնայ կրակի մատնել ամբողջ շրջանը։

Սպասենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022